«Էմ. Էմ. Էյ.» Սեդա Պայրամեան` Լիբանանի Ախոյեան – Aztag Daily

Երկու շաբաթներու վրայ տեղի ունեցան խառն մարտարուեստի խաղերէն Թայլանտի Մուայ թայ մարզաձեւի Լիբանանի ախոյեանութիւնը` Մարզական աւանի պասքեթպոլի դաշտին վրայ:

Հայկական «Ֆայթ լայֆ» ակումբէն Սեդա Պայրամեան 16 տարեկանէն վար մինչեւ 42 քկ կշիռի մրցումներու ախոյեան դարձաւ:

Սեդա Պայրամեան, որ 14 տարեկան է, աւարտականին պարտութեան մատնեց Թրիփոլիի ակումբներէն «Հիլալ Ճիմ»-ի մարզիկ Հոտա Խասսուքը:

Առաջին ռաունտին առաւելութիւն ունենալէ ետք, Սեդա Պայրամեան կորսնցուց 2-րդ ռաունտը, բայց երրորդ ռաունտին տիրապետեց իր մրցակիցին վրայ, որ անօրէն ձեւով փորձած էր վիրաւորել Սեդան, որ յաղթական դարձաւ իրաւարարին որոշումով, որ պարտուած նկատեց Հոտան:

Յաջողութիւն կը մաղթենք Սեդա Պայրամեանին եւ իր ընտանիքին` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:

 

Leave a Comment