Նշելով, Որ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Դադրեցաւ Գոյութիւն Ունենալէ. Պըրրի. «Կացութիւնը Վտանգաւոր Է, Եւ Բոլոր Լուծումները` Հեռու»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի զգուշացուց Լիբանանի մէջ կացութեան վտանգաւորութենէն` նշելով, որ լուծումները տակաւին հեռու են:

Ան ըսաւ, որ շրջագծային համաձայնութիւնը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ, իսկ լիբանանեան բանակը ոչ միայն լիբանանեան կառուցուածքի հիմնական յենասիւնն է, այլ` հիմնական կամուրջը:

Պըրրի այս մասին յայտնեց Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսէյֆիի հետ կատարած եւ «Ժումհուրիա» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցին մէջ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կառավարութեան աշխատանքէն գո՞հ է, ան ըսաւ. «Հաշուետուութիւնը (խորհրդարանական նիստը, «Ա.») տեսնենք»: Ան ըսաւ, որ կառավարութիւնը խորհրդարանին մէջ հաշուետուութեան պիտի ենթարկուի:

Անդրադառնալով քաղաքացիներուն վրայ տուրքերու հաստատման կառավարական քաղաքականութեան` խորհրդարանի նախագահը նշեց. «Պետութիւնը դրամ կ՛ուզէ, եւ պէտք չէ դրամի կարօտէն դրամ առնէ»:

Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն, մասնաւորաբար Նապաթիէի վերջին դէպքերուն ու Իսրայէլի նոր շրջաններ գրաւելու կարելիութեան, Պըրրի ըսաւ. «Կացութիւնը վտանգաւոր է, եւ բոլոր լուծումները` հեռու: Շրջագծային համաձայնութիւնը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ, եւ եթէ իսրայէլացին ուզէ գրաւել, կրնայ»:

Խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ նախագահին հետ յարաբերութիւնը «կանգուն է», հակառակ շարք մը թղթածրարներու շուրջ տարակարծութիւններուն` աւելցնելով. «Մենք շարք մը հարցերու շուրջ տարակարծիք ենք, սակայն ատիկա մեր բարեկամութեան չի խանգարեր»:

Ինչ կը վերաբերի ներկայ շարժումներու լոյսին տակ յառաջիկայ փուլին դրական զարգացումներու կարելիութեան, Պըրրի յոռետեսութիւն յայտնեց: «Լաւատես չեմ, եւ լաւատես չըլլալուս մեծագոյն ապացոյցը տեղի ունեցող սպանութիւնն ու նահատակներու, որոնց շարքին մանուկներու արձանագրուիլն է, ինչպէս նաեւ հողի հաւասարեցման ու աւերման արարքները»:

Անդրադառնալով տագնապէն ելքեր գտնելու ջանքերուն ու աշխատանքներուն` Պըրրի նշեց. «Անոնց կատարած աշխատանքը անարժէք է, որովհետեւ դժբախտաբար լուծումներ չկան»:

 

Leave a Comment