Եւրոպական խորհրդարանի Միջազգային առեւտուրի յանձնախումբը հաւանութիւն տուած է Հայաստանէն Եւրոպական Միութիւն ներածուող ապրանքներու լայն շրջանակի համար մաքսատուրքերու ժամանակաւոր վերացման` Ռուսիոյ կողմէ հայկական արտածման նկատմամբ սահմանուած առեւտրական սահմանափակումներու պատճառով ստեղծուած իրավիճակին լոյսին տակ:
Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին համաձայն Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցած առաջարկը 3 սեպտեմբերին ընդունուած է առանց բարեփոխումներու` 35 թեր, 2 դէմ եւ 3 ձեռնպահ քուէներով:
Առաջարկին համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը կը նախատեսէ երկու տարի ժամկէտով վերացնել հայկական շարք մը ապրանքներու նկատմամբ կիրարկուող մաքսատուրքերը:
Միեւնոյն ժամանակ կը նախատեսուի առանց մաքսատուրքի ներածման չափաբաժիններ սահմանել հայկական գիւղատնտեսական ութ տեսակ արտադրութեան համար: Անոնց շարքին են խաղողը, ծիրանը, կեռասը, դեղձը եւ վարունգը:
Նախագիծը նաեւ կը նախատեսէ պաշտպանական մեքանիզմներ, որոնք անհրաժեշտութեան պարագային Եւրոպական Միութեան կարելիութիւն պիտի տան միջամտելու, եթէ Հայաստանէն ներածման աճը բացասական ազդեցութիւն ունենայ եւրոպացի արտադրողներու վրայ:
Այս քայլը պայմանաւորուած է մայիս 2026-էն Ռուսիոյ կողմէ հայկական արտածման շարք մը կարեւոր ապրանքատեսակներու նկատմամբ կիրարկուող սահմանափակումներով: Անոնք կը վերաբերին, մասնաւորաբար, ոգելից ըմպելիներուն, հանքային ջուրերուն, միրգերուն եւ բանջարեղէնին, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ տարածքով անոնց տարանցման:
Ըստ Եւրոպական յանձնաժողովի, այդ սահմանափակումները խաթարած են Հայաստանի աւանդական մատակարարման շղթաները եւ զգալիօրէն սահմանափակած երկրի հասանելիութիւնը աւանդական արտածման շուկաներուն: Իրավիճակը յատկապէս ծանր ազդեցութիւն ունեցած է փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսական արտադրողներու վրայ` միեւնոյն ժամանակ մարտահրաւէրներ ստեղծելով Հայաստանի տնտեսական դիմակայունութեան համար:
Եւրոպական Միութիւնը նախաձեռնութիւնը կը դիտարկէ իբրեւ հայկական տնտեսութեան աջակցելու եւ արտածողներու համար Եւրոպական Միութեան շուկայ մուտքի լրացուցիչ կարելիութիւններ ստեղծելու ժամանակաւոր միջոց:
Առաջարկին շուրջ յաջորդ քուէարկութիւնը կը նախատեսուի Եւրոպական խորհրդարանի սեպտեմբերեան լիագումար նստաշրջանին` Սթրասպուրկի մէջ:
Եւրոպական խորհրդարանի հաստատումէն ետք, անհրաժեշտ պիտի ըլլայ նաեւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի պաշտօնական հաստատումը: Կանոնակարգը ուժի մէջ պիտի մտնէ Եւրոպական Միութեան պաշտօնական տեղեկագիրին մէջ հրապարակուելուն յաջորդ օրը:
Եւրոպական Միութեան խորհուրդը 2 սեպտեմբերին հաւանութիւն տուած էր հայկական արտադրութեան համար առեւտուրի ժամանակաւոր ազատականացման քայլեր սահմանելու առաջարկին եւ նախագիծը ուղարկած էր Եւրոպական խորհրդարանի հաստատման: