Վեց անգամ «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Օլ Սթար» մրցումի մասնակցած Տըմար ՏըՌոզըն մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Տենվըր Նակեթցի հետ:
ՏըՌոզըն, որ 17 տարուան փորձառութիւն ունի «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ, վերջին երկու տարիներուն Սաքրամենթօ Քինկզի մարզիկ էր, բայց յուլիսին ան լքեց խումբը:
37 տարեկան կարտը միջին հաշուով 18,4 կէտ նշանակեց անցեալ տարեշրջանին 77 մրցումներու ընթացքին: Ան «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան առաւելագոյն կէտեր նշանակող դասաւորման 16-րդ դիրքը կը գրաւէ 26.711 կէտերով:
Ան 9 տարի խաղցած է Թորոնթօ Ռեփթըրզի հետ, ապա 3 տարի Սան Անթոնիօ Սփըրզի հետ, այնուհետեւ 3 տարի` Շիքակօ Պուլզի հետ:
Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբին հետ ան ոսկի մետալ շահած է 2016-ի Ռիօ Տը Ժանէյրոյի Ողիմպիականի խաղերուն եւ ոսկի մետալ 2014-ի պասքեթպոլի Մոնտիալին Սպանիոյ մէջ:
Միւս կողմէ, Քլէյ Թոմփսըն միացաւ Մայեմի Հիթին, որ շաբաթներով աշխատեցաւ ձեռք ձգելու 3 կէտի վարպետը:
Թոմփսըն, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան 3 կէտնոց կողովներ նշանակող լաւագոյն մարզիկներու 4-րդ դիրքը կը գրաւէ, 2 տարուան համար միացաւ Մայեմիին` 11.5 միլիոն ամ. տոլարի փոխարէն:
Թոմփսըն շատ ոգեւորուած էր միանալու Մայեմիին, մանաւանդ որ ան ծովու սիրահար է եւ արմատներով Պահամասէն, որ բաւական մօտ է Մայեմիին:
Աւելի կարեւոր է անոր միանալը Մայեմիին, մանաւանդ որ ակումբը պէտք ունէր 3 կէտնոց կողովներ նշանակող վարպետ մարզիկի մը` Եաննիս Անթեթոքումփոյի (որ նոր միացաւ) եւ սենթըր Պեմ Ատեպայոյի կողքին:
36 տարեկան Թոմփսըն 13 տարիներ փայլած էր Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի հետ` 4 ագամ ախոյեան դառնալով, ապա 2024-ին միացած էր Տալասին:
Ան 2015-ին 52 կէտ նշանակած էր Սաքրամենթոյի դէմ (11 յաջող 3 կէտնոց կողովներ)` մրցանիշ հաստատելով 37 կէտեր նշանակելով 3-րդ մասին` 9 յաջող 3 կէտնոց կողովներով: