Զուիցերիոյ Թուն ֆութպոլի խումբը, որ 1898-ին հիմնուած էր, 2024-2025 տարեշրջանին դարձած էր Բ. դասակարգի ախոյեան, եւ բարձրանալէ ետք առաջին դասակարգ, կրցած էր ախոյեան դառնալ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով:
Այժմ ակումբին վիճակը երբեք նախանձելի չէ, եւ արդէն իսկ անցեալ տարուան խումբէն միայն քանի մը մարզիկ մնացած է: Խումբին արդիւնքները երբեք լաւ չեն:
Երկուշաբթի օր Թունէն երկու մարզիկներ եւս լքեցին խումբը: Արդարեւ, յետսապահ Մայքըլ Հէօլէ միացաւ Գերմանիոյ Հայտենհայմ խումբին, իսկ միջնապահ Վալմիր Մաթոշի միացաւ Աւստրիոյ Շթուրմ Կրացին:
Թուն ստացաւ 4,4 միլիոն ամ. տոլար երկու մարզիկներուն փոխարէն, որոնք աւելի քան 30 մրցումներու մասնակցած էին անցեալ տարեշրջանին:
«Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի հանգրուանէն դուրս մնալէ ետք, Զուիցերիոյ ախոյեանութեան առաջին մրցումին Թուն 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Եանկ Պոյզ Պեռն խումբէն, իսկ անցեալ շաբաթ ալ 7-0 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր «Եուրոփա լիկ»-ի զտումի մրցումներուն:
Եթէ դարձին ալ դրական արդիւնք չարձանագրէ, Թուն պիտի անցնի «Քոնֆերենս լիկ»:
Թուն «Չեմփիընզ լիկ»-էն դուրս մնացած էր պարտուելէ ետք Տինամօ Զաղրեպէն: Թուն 2-0 արդիւնքով կը յաղթէր, երբ յետսապահ Մարքօ Պուրք կարմիր քարտ ստացաւ, եւ ամէն ինչ հակառակ դարձաւ:
Մարզիչ Մաուրօ Լուսթրինելլի տարեշրջանի սկիզբէն լքած էր խումբը` միանալու Գերմանիոյ Ունիոն Պերլինին, մինչ ապագայի աստղ Իթըն Մայշթի միացած էր Ճենովային, իսկ կոլ-սքորըրներ Էլմին Ռասթրոտեր եւ Քրիսթոֆըր Իպայի միացած էին յաջորդաբար Փանաթինայքոսին եւ Մարոքի Մ.Ա.Ս. ակումբին: