Եուրոփա Լիկ. Արարատ Արմենիա Հաւասարութեամբ Վերադարձաւ Ռումանիայէն

Հայաստանի գործող ախոյեան Արարատ Արմենիա կրցաւ 1-1 արդիւնքով վերադառնալ Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցած Ունիվերսիտատէա Քրայովայի դէմ մրցումէն:

Ասիկա Մանուէլ Թուլիփայի մարզած խումբին երթի մրցումն էր «Եուրոփա լիկ»-ի զտումի Գ. հանգրուանին գծով:

Երեւանի մէջ դրական արդիւնք մը, եւ Հայաստանի ախոյեանը կը հասնի «Եուրոփա լիկ»-ի աւարտական հանգրուան:

Արարատ 20-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, երբ Ուկօ Օլիվէյրայի երկար փոխանցումէն ետք Ալեքսանտրա Մալիս գլխու հարուածով գրաւեց ռումանական ակումբին բերդը:

33-րդ վայրկեանին Ունիվերսիտատէայի խմբապետ Նիքուշոր Պանքու նշանակեց հաւասարութեան կոլը` օգտուելով պրազիլցի բերդապահ Ժոաօ Պրավիմի ոչ շատ լաւ դիրքաւորումէն:

Բ. կիսախաղին Սանտրօ Լիմա կոլ մը եւս նշանակեց ի նպաստ Արարատի, բայց ՎԱՐ-ը չվաւերացուց զայն օֆսայտի պատճառով:

Ճակատումներուն պարտուող խումբը «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի իր ճանապարհը կը շարունակէ «Քոնֆերենս լիկ»-ին մէջ:

 

Leave a Comment