Սէյիտ Ալի Ֆատլալլա ուրբաթօրեայ նամազի ընթացքին իր արտասանած պատգամին մէջ յայտնեց. «Կը Վերահաստատենք հողերու, գերիշխանութեան եւ քաղաքացիներու պաշտպանութեան պատասխանատու Լիբանանի պետութեան մեր կոչը` տէր կանգնելու իր պատասխանատուութեան եւ անտարբեր չմնալու յարձակումի այս սրման նկատմամբ:
«Մենք անոր կոչ կ՛ուղղենք միջազգային բեմերու վրայ բարձրացնելու իր ձայնը, զարնելու բոլոր դռները` այս արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու եւ Լիբանանի ժողովուրդի հարստութիւններն ու կեանքի պտուղները պաշտպանելու համար: Մենք կոչ կ՛ուղղենք` ըլլալու անոնց տառապանքներու, յոյսերու եւ ձգտումներու իրական արտայայտութիւնը եւ ասիկա նկատելու իր գերակայ խնդիրներէն մէկը, յատկապէս այն բանէն ետք, երբ յստակ դարձած է, որ թշնամին պիտի չարձագանգէ գրաւեալ տարածքներէն հեռանալու կոչերուն: Ընդհակառակը, ան կրնայ զանոնք եւ այլ տարածքներ կցել: Մենք անոր կոչ կ՛ուղղենք` ապահովելու, որ Լիբանանի ժողովուրդը զգայ, թէ իր պետութիւնը անօգնական եւ անգործ չէ կանգնած իր տառապանքներուն առջեւ, եւ որ անիկա կը մնայ անոնց միակ ընտրանքը», ըսաւ ան:
«Մենք կը կրկնենք նախապէս մեր ըսածը, թէ չենք հերքեր երկրին առջեւ ծառացած լուծման տարբերակներու շուրջ լիբանանցիներուն միջեւ տարակարծութեան գոյութիւնը, սակայն չենք ուզեր, որ այս տարակարծութիւնը վերածուի թշնամանքի… Լիբանանցիները իրենց տառապանքներէն դուրս պիտի չգան մէկ խումբի միւսին նկատմամբ յաղթանակով, այլ միատեղուելով հասնելու համապարփակ բանաձեւի, որ կը նպաստէ երկրի փրկութեան, կը փարատէ մտավախութիւնները, զորս իւրաքանչիւր խումբ ունի միւս խումբին նկատմամբ, եւ որեւէ բաղադրիչ չի զգար, թէ իր գոյութիւնն ու էութիւնը միւսներուն կողմէ վտանգի տակ է:
«Մենք կ՛աջակցինք որեւէ համապարփակ հանդիպման, որ դէպի այս նպատակը կը տանի: Լիբանանցիները պէտք է գիտակցին, որ իրենք նոյն նաւակին մէջ են, եւ եթէ անիկա խորտակուի, բոլորը կը խեղդուին, իսկ եթէ փրկուի, բոլորը կը փրկուին», նշեց սէյիտ Ֆատլալլա: