Այցելելով Սուր` Սալամ. «Լիբանանցիները Մէկ Բանակ Եւ Մէկ Պետութիւն Ունենալուն Այլընտրանքը Չունին»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ առաւօտեան հասաւ Սուր քաղաք` ընկերակցութեամբ պաշտպանութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Մուսթաֆայի, եւ ուղղուեցաւ լիբանանեան բանակի «Պենուա Պարաքաթ» զօրանոց, ուր զինք ընդունեցին պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսան, բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հասսան Աուտէն եւ Լիթանիէն հարաւ շրջանի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Նիքոլա Թապեթը:

Սալամ զօրանոցին մէջ սպաներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Այն, ինչ, որ Հարաւի, ինչպէս նաեւ ամբողջ Լիբանանի համար կ՛ուզենք` պետութեան իշխանութեան տակ ըլլալն է»:

«Հարաւի մէջ ձեր ներկայութեան իմաստը պարզապէս զինուորական տեղակայում չէ, այլ` պետութեան ներկայութիւն, որովհետեւ իւրաքանչիւր վայր, ուր բանակը կը տեղակայուի, վայր մըն է, ուր պետութիւնը կը վերականգնէ իր գերիշխանութիւնը, իշխանութիւնն ու հեղինակութիւնը», նշեց վարչապետը:

«Կ՛ուզենք, որ Լիբանանը պետութեան իշխանութեան տակ ըլլայ` պետութեան պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումին վերատիրանալով», աւելցուց ան:

«Անսասան կը մնանք երկրի սահմանադրութեան պահանջածին նման «միասնական» կառավարութեան մեր խոստումին վրայ», նշեց Սալամ:

«Մեր կառավարութիւնը կը շարունակէ աշխատիլ` զօրակոչի ենթարկելով արաբական եւ միջազգային բոլոր կարելի աջակցութիւնները` բանակի մարդկային կարողութիւնները զարգացնելու, անոր սարքաւորումները արդիականացնելու եւ անոր անդամներու կենսապայմաններն ու ընկերային պայմանները բարելաւելու համար», ըսաւ ան:

«Լիբանանցիները մէկ բանակ եւ մէկ պետութիւն ունենալուն այլընտրանքը չունին», նշեց վարչապետը:

Ան խօսքը զինուորականներուն ուղղելով նշեց. «Քաղաքականութեան քմահաճոյքներուն մի՛ արտօնէք, որ ձեզ բաժնեն, եւ մի՛ արտօնէք, որ համայնքայնութեան չարիքները ներթափանցեն ձեր շարքերը»:

«Ջանք պիտի չխնայենք` իսրայէլեան ամբողջական հեռացումը եւ մեր գերիներու իրենց քաղաքներ ու գիւղեր վերադարձը իրագործելու համար», շեշտեց Սալամ:

Պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ վարչապետ Սալամի խօսքը արտասանելու պահուն պայթումներու ձայներ լսուած են:

Կը կարծուի, որ անոնք Սուրի հարաւը գտնուող Մաշահ Մանսուրիի մէջ իսրայէլեան ականահարումներու ձայներն էին:

Նախքան այդ, պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսա խօսք մը արտասանելով ըսաւ. «Մեր հողերէն իւրաքանչիւր թիզի վրայ պետութեան գերիշխանութիւնը վերականգնելու մեր դիրքորոշումը անսասան է, եւ այս է նպատակը Լիբանանի ձեռնարկած բանակցութիւններուն, որոնք այս փապուղիէն դուրս գալու լաւագոյն լուծումն են»:

«Բանակը միշտ ալ միաւորող եղած է եւ իր ստանձնած որեւէ պարտականութիւն բարձր ճշգրտութեամբ աւարտած», ըսաւ ան:

«Հանգիստ պիտի չունենանք, մինչեւ որ Հարաւը Լիբանանին վերադառնայ, եւ դուք ձեր գլուխները բարձր ձեր հողերը վերադառնաք», յայտնեց պաշտպանութեան նախարարը:

 

Leave a Comment