Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքքան Ֆիտան իր եգիպտացի պաշտօնակից Պատր Ապտելաթիի եւ սէուտցի պաշտօնակից Ֆայսալ Պըն Ֆարհան Ալ Սէուտ իշխանին հետ անջատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընթացքին քննարկեց շրջանային վերջին զարգացումները:
Ֆիտան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններէն ետք յայտնեց. «Մեր քննարկումներուն ընթացքին գնահատեցինք Կազայի յատուկ խաղաղութեան ծրագիրի գործադրութեան դիմագրաւած խոչընդոտները եւ այն քայլերը, զորս կարելի է որդեգրել»:
«Քննարկեցինք նաեւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումները, եւ վերահաստատեցինք երկրին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման մեր ուժեղ աջակցութիւնը», աւելցուց ան:
«Քննարկեցինք նաեւ Հորմուզի նեղուցին մէջ կացութիւնը եւ հակամարտող պետութիւններուն միջեւ ընթացող բանակցութիւններու վերջին զարգացումները», նշեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:
«Իբրեւ մեր շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ձգտող երեք եղբայրական երկիրներ, պիտի շարունակենք բոլոր ոլորտներուն մէջ մեր միջեւ գործակցութիւնն ու համակարգումը շարունակել», ըսաւ Ֆիտան: