Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպի մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը:
Հայաստանը ներկայացնող 5 մարզիկներ հասան աւարտական հանգրուան, որ տեղի կ՛ունենայ այս շաբաթավերջին:
Յակոբ Սերոբեանի գլխաւորած հաւաքականէն մետալներու համար կը պայքարին Արթուր Դաւթեան, Մամիկոն Խաչատրեան, Համլեթ Մանուկեան, Արթուր Աւետիսեան եւ Վահագն Դաւթեան:
Ողիմպիականի փոխախոյեան Արթուր Դաւթեան յենացատկի զտումի մրցումներուն ամէնէն բարձր նիշերը ձեռք ձգեց եւ առաջին դիրքը գրաւելով հասաւ աւարտական: 3 անգամ Եւրոպայի ախոյեանը ձեռք ձգեց 14.716 կէտ:
Նժոյգ թափեր վարժութեան մրցումներուն Մամիկոն Խաչատրեան եւ Համլեթ Մանուկեան երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւելով հասան աւարտական:
Աշխարհի փոխախոյեան Մամիկոն Խաչատրեան վաստկեցաւ 14.766 կէտ, իսկ Եւրոպայի ախոյեան Համլեթ Մանուկեան` 14.733 կէտ: Այս վարժութեան 3-րդ հայ ներկայացուցիչ Գագիկ Խաչիկեան 13.866 կէտ ձեռք ձգելով 17-րդ դիրքը գրաւեց:
Օղակներու վարժութեան զտումի մրցումներուն, Արթուր Աւետիսեան 14.330 կէտերով 4-րդ դիրքը գրաւեց, մինչ Վահագն Դաւթեան 14.116 կէտերով 6-րդ դիրքը գրաւեց:
Նշենք, որ Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումները կ՛աւարտին 24 օգոստոսին: