Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի համար աշխատանքի ամերիկեան խմբակի պատուիրակութիւնը:
Պըրրի հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի ապրածը անտանելի է եւ, թերեւս, գերազանցած Կազայի մէջ տեղի ունեցածն ու ունեցողը»:
«Մարդու, քարին ու ժառանգութեան դէմ ոճիրներն ու ջարդերը, եւ քաղաքայիններու սպանութիւնը միջազգային ու մարդասիրական ամէնէն պարզ օրէնքներու, հռչակագիրներու եւ կանոններու ոտնահարում են», շեշտեց խորհրդարանի նախագահը: