Ռուպիօ Թահնունի Պըն Զայետի Հետ Քննարկած Է Լիբանանի Հարցը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Թահնուն Պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ բանակցութիւններ վարած է:

Անոնք քննարկած են շարք մը շրջանային ապահովական հարցեր, ներառեալ Լիբանանի հարցը, ինչպէս նաեւ «Իրանն ու անոր ահաբեկչական գործակատարները շարունակուող յարձակումներուն համար հաշուետուութեան ենթարկելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ համակարգումի շարունակումը»:

«Ռուպիօ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկումի ազատութեան կարեւորութիւնը շեշտեց», նշեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Leave a Comment