Արտաքին կողմնորոշման հարցով հանրաքուէի պահանջին զուգահեռ, Ռուսիա նաեւ խստացուցած է ՀԱՊԿ-ի հարցով Հայաստանի նկատմամբ ճնշումը` բարձրաստիճան տարբեր պաշտօնատարներու միջոցով պարբերաբար յիշեցնելով Երեւանին, որ հաւանաբար է պատժամիջոցներ կիրարկուին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կալուզինի զգուշացումներէն ետք, ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Տալատպեկ Մասատիքով յայտարարեց, որ, հակառակ անոր որ Հայաստան կը նկատուի դաշնակից, բայց եւ այնպէս այդ կառոյցին Երեւանի հետագայ մասնակցութեան վերաբերեալ որոշումը պէտք է կայացուի ողջամիտ ժամկէտի ընթացքին:
«Սկիզբէն Հայաստանը եղած է աշխուժ եւ ներդաշնակ անդամ պետութիւն, որ արժանի ներդրում ունեցած է հաւաքական ներուժի ամրապնդման մէջ, եւ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւնները կը շարունակեն այս երկիրը նկատել դաշնակից», յայտարարեց Մասատիքով:
Ան յիշեցուց, որ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւնները բազմիցս հաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը` Երեւանի հետ քննարկելու միացեալ աշխատանքներուն Հայաստանի լիարժէք մասնակցութեան վերականգնման վերաբերող բոլոր հարցերը:
Աւելի կանուխ ՀԱՊԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիքթոր Վասիլեւ յայտնած էր, որ կազմակերպութեան մարմիններուն մէջ Հայաստանի` ձայնի իրաւունքէն հաւանական զրկումը պիտի պահանջէ բոլոր անդամ պետութիւններուն համաձայնութիւնը:
Ըստ անոր, այս հարցը, հաւանաբար, պիտի քննարկուի երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ, 11 նոյեմբերին: