Պրազիլի Իշխանութիւնները Արժանթինի Դեսպանէն Պահանջեցին Հեռանալ Երկրէն

Արժանթինի կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ Պրազիլի կառավարութիւնը իրենց փոխանցած է, թէ իշխանութիւնները Արժանթինի դեսպանէն պահանջած են երկրէն հեռանալ, եւ Պուէնոս Այրեսի մէջ Պրազիլի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան մակարդակը կը նուազեցնեն գործավարի մակարդակի:

Յայտնենք, որ Արժանթինի նախագահ Խաֆիեր Միլի իր պրազիլցի պաշտօնակից Լուիս Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվայի հասցէին իրերայաջորդ վարկաբեկիչ խօսքեր հնչեցուցած էր, ինչ որ երկու շաբաթ առաջ պատճառ դարձան Արժանթինի մէջ Պրազիլի դեսպանի խորհրդակցութիւններու համար տուն կանչուելուն:

Leave a Comment