Իրանի Խորհրդարանը «Թշնամական» Լրատուամիջոցներու Հետ Հարցազրոյց Կատարելը Քրէականացնող Օրէնք Մը Որդեգրեց

Իրանեան «Շարք» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իրանի խորհրդարանը կիրակի օր որդեգրած է օրէնք մը, որ հակաիրանեան նկատուող լրատուամիջոցները, ներառեալ ամերիկեան կամ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն, կամ Միացեալ Նահանգներու ու Իսրայէլի կողմէ ֆինանսաւորուող լրատուամիջոցներու հետ հարցազրոյցներ կատարելը կամ որեւէ տեսակի կապ հաստատելը քրէական յանցանք կը նկատէ:

Ուժի մէջ մտնելէ առաջ Սահմանադրութեան պահպանման խորհուրդին կողմէ քննուելու կարիքը ունեցող օրէնքին համաձայն, վերոնշեալ լրատուամիջոցներուն հետ հարցազրոյցներ կատարելը կամ քննարկումներու մասնակցիլը կ՛արգիլուի, եւ այս օրէնքը խախտողները վեց ամիսէն երկու տարուան բանտարկութեան պիտի դատապարտուին:

Օտար այլ լրատուամիջոցներու հետ հարցազրոյցներ կատարելու համար պէտք է տեղեակ պահել հետախուզութեան նախարարութիւնը:

Օտար դեսպանատուներու հետ, օտար կազմակերպութիւններու գրասենեակներու կամ ոչ իրանեան կազմակերպութիւններու հետ առանց արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեակ պահելու եւ առանց անոր գրաւոր հաւանութեան կապ հաստատողը տուգանքի կ՛ենթարկուի եւ կարգ մը ընկերային իրաւունքներէ կը զրկուի:

Օրէնքը նաեւ կը խստացնէ օտարներու ցուցմունքով կամ հովանաւորումով կատարուած տնտեսական ոճիրներու պատիժները, ինչպէս նաեւ կ՛արգիլուի օտարներուն տեղեկութիւններ տրամադրել, առանց հետախուզութեան նախարարութեան հաւանութեան:

Կը պատժուին նաեւ օտար գաղտնի սպասարկութիւններուն ցուցմունքով ներկայացուած քաղաքական կամ օրէնսդրական առաջարկները, եթէ անոնք կը վնասեն Իրանի անվտանգութեան կամ անկախութեան: Այս պարագային իբրեւ պատիժ սահմանուած է 30 տարուան բանտարկութիւն, եւ այդ հարցերը պիտի քննարկուին յեղափոխական դատարաններու կողմէ:

Leave a Comment