Հայաստանը ներկայացնող Էտկար Պապոյեան ոսկի մետալ շահեցաւ 2026-ի «Սթրիթ Ուըրքաութ եւ գեղամարզանք»-ի աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ:
17 տարեկան մարզիկը յաղթեց միջին կշիռի ֆրիսթայլ մրցաձեւի աւարտականին` գերազանցելով Ուքրանիոյ եւ Իսրայէլի ներկայացուցիչներուն:
Հայաստանի համար ասիկա պատմական արդիւնք է: Պապոյեան դարձաւ երկրի առաջին ներկայացուցիչը, որ Ուըրքաութ մարզաձեւով դարձաւ աշխարհի ախոյեան:
2026-ի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցեցան աւելի քան 170 մարզիկներ` աւելի քան 50 երկիրներէ:
Այս մրցումները կը բաղկանան երեք հանգրուաններէ, որոնց ընթացքին մարզիկներուն ուժը, դիմադրողական կարողութիւնը եւ վարպետութիւնը կը փաստուին: