Լիբանանի տնտեսական սուր տագնապը անգամ մը եւս իր չափազանց ժխտական ազդեցութիւնները ձգած է ժողովուրդին վրայ, որուն անբաժանելի եւ կարեւոր մէկ հատուածն է լիբանանահայ գաղութը:
Հայ օգնութեան միութիւնը ահա դարձեալ կը նախաձեռնէ ընդհանուր դրամահաւաքի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ օգնութեան ձեռք երկարել լիբանանահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնցմէ շատերուն հասանելի չէ տաք ճաշը, կենսական դեղորայքը կամ հիւանդանոցային բուժումը:
Այս դրամահաւաքը ունի հիմնական երեք նպատակներ` տաք ճաշի ապահովում, կենսական դեղերու յատկացում եւ հիւանդանոցային ծախսերու օժանդակութիւն:
Իւրաքանչիւրիս նուիրատուութիւնը` անկախ գումարին չափէն, վստահաբար յոյս կը ներշնչէ, ցաւեր կը մեղմացնէ եւ կեանքեր կը փոխէ: Այս իմաստով, ձեր աջակցութիւնը լիբանանահայ գաղութի կարօտեալ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն յոյս պիտի ներշնչէ, թէ իրենք առանձինն ու լքուած չեն:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ