Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւնը եւ «Հայրենիք» հրատարակչութիւնը կը յայտարարեն «Յուշամատեան մատենաշար»-ի մեկնարկը` հրատարակելով Բարունակ Թոփալեանի «Իմ հայրենի գիւղս` Օխու» գիրքին անգլերէն նոր թարգմանութիւնը: Գիրքը մատենաշարի առաջին հատորն է, որ նպատակ ունի հայերէն յուշամատեաններու հարուստ աւանդութիւնը հասանելի դարձնել նոր սերունդներուն եւ նորագոյն արհեստագիտութիւններուն:
Բնագիրը առաջին անգամ հայերէնով հրատարակուած էր Պոսթընի «Հայրենիք» հրատարակչութեան կողմէ, 1943-ին, «Իմ հայրենի գիւղս` Օխու» վերնագիրով: Գիրքը Օսմանեան կայսրութեան Խարբերդի շրջանի Բալու գաւառակին մէջ գտնուող հայկական Օխու գիւղի աշխարհը կը վերակազմէ` հիմնուելով Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հեղինակի յիշողութիւններուն վրայ: Թոփալեան իր յուշագրութիւնը գրած է Ցեղասպանութենէն մօտ երեք տասնամեակ ետք:
Գիրքը անգլերէնի թարգմանած է Սիմոն Պէօճէքեան:
Յիշողութեան միջոցով համայնքներու վերակառուցում
Հայ յուշամատեանները գրապատմական իւրայատուկ ժանր մը կը կազմեն հայ գրականութեան մէջ: Այս ժանրը հիմնականին մէջ ստեղծուած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու եւ անոնց յետնորդներուն կողմէ: Այս յուշամատեանները կը համադրեն` պատմութիւն, ազգագրութիւն, աշխարհագրութիւն, տոհմագրութիւն, բանահիւսութիւն, լուսանկարներ, քարտէսներ, բարբառներ, յուշագրութիւններ, աւանդութիւններ, առօրեայ կեանքի նկարագրութիւններ, ինչպէս նաեւ` Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան պատմութիւններ:
Այս աշխատութիւնները կը ջանան` վերակառուցել Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով կործանած համայնքներու աշխարհը, արձանագրել ցրուած, տասանորդուած ժողովուրդի մը կեանքն ու փշրուած ժառանգութիւնը: Անոնք միաժամանակ կը ծառայեն` իբրեւ պատմական արխիւներ, մշակութային վկայութիւններ եւ մոռացութեան դէմ պայքարի միջոցներ: Յուշամատեանները դարձան այնպիսի հոգեւոր սնունդի միջոցներ, զգացական ուղեցոյցներ, որոնց ընդմէջէն արմատախլուած հայերը պահպանեցին եւ վերաիմաստաւորեցին հայրենի իրենց տան գաղափարը սփիւռքի մէջ:
Հայկազեան համալսարանի եւ «Հայրենիք»-ի հրատարակչութիւնները միացեալ այս գործակցութեամբ, յառաջացնելով «Յուշամատեան մատենաշար»-ը` կը նպատակադրեն թարգմանաբար վերահրատարակել հայերէն իւրայատուկ յուշագիրքեր, ցարդ անտիպ աշխատութիւններ եւ անգլերէն թարգմանութեամբ հասանելի դարձնել` իբրեւ ուշագրաւ գրքային վկայութիւններ:
Մատենաշարին հատորները պիտի ներառեն նաեւ քննական մեկնաբանութիւններ եւ կարեւոր ժողովրդագրական, ուսումնասիրական յաւելումներ` սկզբնական բնօրինակին վրայ, զանոնք տեղադրելով Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր շրջակայ տարածքներուն եւ Հայոց պատմութեան ու մշակութային ժառանգութեան աւելի լայն ծիրին մէջ:
Մէկ հայրենիքէ` համահայկական նախաձեռնութիւն
Մատենաշարին գաղափարը սկիզբ առած է իր նախնիներու հայրենի քաղաք Բալուի վերաբերող յուշագիրքեր թարգմանելու եւ հրատարակելու Ճորճ Աղճայեանի առաջարկէն: Աղճայեանի, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ մատենաշարի խմբագիրներ Անդրանիկ Տագէսեանի ու Խաչիկ Մուրատեանի միջեւ տեղի ունեցած քննարկումներուն ընթացքին այդ նախնական նախագիծը վերածուած է աւելի լայն նախաձեռնութեան` ընդգրկելով նախկին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին գտնուող հայկական քաղաքներուն ու գիւղերուն վերաբերող իւրօրինակ գիրքերու, յուշագիրքերու հրատարակութիւնը:
«Այս յուշամատեաններուն հեղինակները ստանձնեցին Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան պատճառով կործանուած համայնքներու ընկերային, մշակութային եւ ֆիզիքական աշխարհները վերակառուցելու ծանր պարտականութիւնը», կը գրեն Տագէսեան եւ Մուրատեան մատենաշարի ներածութեան մէջ: «Անոնց աշխատանքը անգնահատելի պատմական գիտելիքներ պահպանեց, միաժամանակ ստեղծելով յիշողութեան մնայուն կոթողներ` յետնորդներուն եւ գալիք սերունդներուն համար», կը հաստատեն անոնք:
«Իմ հայրենի գիւղս` Օխու»-ի հրատարակութեամբ կը սկսի մատենաշարի առաջին փուլը` նպատակ ունենալով այս բացառիկ աղբիւրները հասանելի դարձնել գիտնականներուն, նկարագրուած համայնքներու յետնորդներուն եւ ընդհանրապէս ընթերցող հանրութեան:
Թոփալեանի աշխատութեան առաջին հրատարակութենէն աւելի քան ութ տասնամեակ անց «My Native Village: Okhou»-ն ընթերցողին կը ծանօթացնէ ոչ միայն կորսուած հայկական գիւղի մը պատմութիւնը, այլ նաեւ` այն յատկանշական ճիգը, որով Ցեղասպանութենէն վերապրածները փորձեցին ապահովել, որ իրենց համայնքներն ու հայրենիքները չանհետանան յիշողութենէն:
Պէյրութ, 14 օգոստոս 2026