Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Իսրայէլ Ալի Թահեր բարձունքներուն վրայ կը կեդրոնանայ եւ անոնց կարեւորութիւնը կը մեծցնէ ընտրութիւններուն նախօրեակին զինուորական ձեռքբերում մը արձանագրելու փորձով:
Հաժ Հասան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Լիբանանցի գերիներուն թիւը վերջին պատերազմի ընթացքին 23-էն 35-ի բարձրացաւ»:
Անդրադառնալով այն քայլերուն, որոնք կրնան որդեգրուիլ, երեսփոխանը նշեց. «Մենք կը գիտակցինք դժուարութիւններուն, ուստի մեր որդեգրելիք որեւէ քայլ մանրակրկիտ կերպով կը քննենք, որովհետեւ մեր հասարակութեան ու ժողովուրդին նկատմամբ պատասխանատու ենք, նաեւ գիտենք, թէ անոնք անձնատուութեան ու նուաստացման տրամաբանութիւնը պիտի չընդունին»: