Պայտուն. «Հարաւցիներուն Համար Գաղթակայաններ Չենք Ուզեր, Այլ Իրենց Գիւղեր Վերադարձը»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Աշրաֆ Պայտուն Ֆրուն գիւղին մէջ իսրայէլեան յարձակումի մը պատճառով վնասուած, այժմ վերանորոգուած ջուրի հորի մը վերաբացման հանդիսութեան ընթացքին յայտնեց. «Ֆրունը իշխանութեան կողմէ հարաւային Լիբանանի մեր ժողովուրդին նկատմամբ իշխանութեան որեւէ նախաձեռնութեան յաջողութեան փաստն է: Եւ որովհետեւ Ֆրունի մէջ ենք, պէտք է ըլլայ բարգաւաճման դիրքորոշում մը, որ կ՛ամրապնդէ մեր հարազատներուն ու ժողովուրդին դիմացկունութիւնը, եւ մենք խաչմերուկի եւ մարտահրաւէրի առջեւ կանգնած ենք»:

«Հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն համար գաղթակայաններ չենք ուզեր: Կ՛ուզենք, որ հարաւային Լիբանանի զաւակները իրենց գիւղեր վերադառնան, իրենց ապրուստի միջոցներուն վերադառնան: Թշնամին որքան ալ վնաս պատճառէ, պիտի չկոտրէ հարաւցիներուն կամքը, եւ պիտի չկոտրէ Ֆրունի զաւակներուն կամքը», շեշտեց երեսփոխանը:

Անդրադառնալով «Աման» քարտի նիւթին` Պայտուն նշեց. «Հարաւը այսօր կը տառապի երկու ցաւէ` տեղահանութեան ցաւը եւ իր տան ու ապրուստի միջոցներու քանդման ցաւը, եւ այս հարցին մէջ պէտք է առաջնահերթութիւնը հարաւային Լիբանանի զաւակներուն տանք»:

 

Leave a Comment