Վաղը յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի կիսաւարտականի գծով ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Տինամօ Պէյրութի դէմ:
Այս մրցումը շատ կարեւոր է, եւ ՀՄԸՄ-ի տղաքը անպայման պէտք է յաղթեն Տինամօ Պէյրութին, որ առաջին խմբակի Բ. դիրքը գրաւած էր:
Պէյրութի շրջանէն մէկ խումբ պիտի հասնի աւարտական հանգրուան, եւ ՀՄԸՄ Պէյրութին կը մնայ երկու մրցում եւս յաղթել` հասնելու աւարտական հանգրուան:
Կիսաւարտականի միւս մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ Անդրանիկը, որ Բ. խմբակի Բ. դիրքը գրաւած էր ՀՄԸՄ-ի ետին, եւ Շեպիպէթ Մազրաան, որ Ա. խմբակի առաջին դիրքը գրաւող խումբն է:
Կիսաւարտականի մրցումներուն յաղթող խումբերը իրար դէմ կը մրցին, ինչպէս նշեցինք, հասնելու համար աւարտական հանգրուան, որուն ընթացքին Լիբանանի բոլոր շրջաններու ախոյեանները պիտի մրցին Գ. դասակարգ բարձրանալու համար: