Ֆիտան. «Պէտք Է Լիբանանի Մէջ Կայունութիւնն Ու Անվտանգութիւնը Ապահովել»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ յայտնեց. «Պէտք է կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովել Լիբանանի մէջ, ուր Իսրայէլի ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը պատճառ դարձաւ հազարաւորներու սպանութեան ու տեղահանման»:

Ֆիտան իր սուրիացի պաշտօնակից Ասաատ Շիպանիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութիւնը կը շարունակէ Այսրյորդանանի եւ Երուսաղէմի մէջ իր ահաբեկչական արարքները»:

«Անիկա, իր շարունակական յարձակումներով, աշխատանք կը տանի Սուրիոյ անվտանգութեան սպառնալու», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պէտք է Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը յարգէ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշեց. «Սուրիոյ պետութենէն դուրս եղող բոլոր զինեալ տարրերը պէտք է իրենց զէնքերը վար դնեն»:

 

Leave a Comment