Նախագահ Աուն Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Տիմա Հատտատը եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու միջոցները: Քննարկուեցաւ նաեւ Հայաստան բնակող լիբանանցիներու դերակատարութիւնն ու նպաստը երկու երկիրներուն միջեւ կապերը հզօրացնելու առումով:

Հանրապետութեան նախագահը դեսպան Տիմա Հատտատի հետ արծարծեց նաեւ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի կողմէ յղուած հրաւէրին ընդառաջելու հարցը` մասնակցելու 16 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք երկիրներու ղեկավարներու վեհաժողովին, որ պիտի կայանայ ՄԱԿ-ի կենսաբազմազանութեան վերաբերեալ վեհաժողովի նախօրեակին:

Leave a Comment