Իրաքի Մէջ Սէուտական-Ամերիկեան Միացեալ Յարձակումներ, Իրան Յարձակում Գործեց Յորդանանի Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայանի Մը Վրայ

Ամերիկեան բանակը չորեքշաբթի արշալոյսին յայտարարեց, թէ իրանեան հրթիռներ վար առած է եւ սէուտական ուժերու հետ գործակցած է Իրաքի մէջ «Թեհրանի աջակցութիւնը վայելող միլիսներու» կողմէ վերջին օրերուն յարձակումներ գործելու համար օգտագործուած դիրքեր հարուածելու համար: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը իր կարգին յայտարարեց, թէ յարձակում գործած է «Յորդանանի մէջ ամերիկեան ռազմակայանի մը վրայ»: Այսպիսով, վերջ գտաւ կռիւի ժամանակաւոր դադարը:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ուժերուն վրայ արձակուած իրանեան բոլոր հրթիռները վնասազերծուած են` աւելցնելով, որ այդ ուժերը տակաւին զգօն եւ ծայրագոյն աստիճանի պատրաստ վիճակի մէջ կը մնան:

Միացեալ Նահանգներն ու Սէուտական Արաբիան այլ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեցին, թէ միացեալ յարձակումներ գործած են Իրանի համակիր զինեալ խմբաւորումներու դիրքերու վրայ` հակադարձելով անցնող ժամերուն «Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ցուցմունքով» գործուած տասնեակներով յարձակումներուն:

Ամերիկեան ուժերը զգուշացուցին, որ ամերիկեան ուժերուն կամ սէուտական ուժանիւթի ենթակառոյցներուն վրայ որեւէ այլ յարձակում կրնայ այդ խմբաւորումներուն դէմ յաւելեալ քայլերու որդեգրման պատճառ դառնալ:

Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ յարձակումները գործուած են ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան հետ համակարգումով, հարուածուած են «Իրաքի հողերուն վրայ գտնուող Սէուտական Արաբիոյ մէջ քարիւղի կառոյցներուն վրայ յարձակումներուն առնչուած միլիսներու պատկանող թիրախներ»:

«Կ՛ընդգծենք, որ մագլցումի չենք ձգտիր, սակայն պիտի հակադարձենք մեր դէմ կատարուած որեւէ յարձակումի», աւելցուց Սէուտական Արաբիան:

Իրաքի Ժողովրդային աշխարհազօրը յայտարարեց, թէ Իրաքի տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող իր կեդրոնները, ներառեալ հիւսիսային Նինուէի եւ հարաւային Պասրայի մէջ կեդրոններ շարք մը յարձակումներու ենթարկուած է:

Աշխարհազօրը յայտարարեց, թէ նախնական տուեալներով յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած է 20 զոհ եւ 32 վիրաւոր:

Սէուտական Արաբիան երեքշաբթի օր յայտարարած էր, թէ իրերայաջորդ երկրորդ օրն ըլլալով վար առած է անօդաչու թռչող սարք մը, որ արձակուած էր «Իրաքի մէջ Իրանի կողմէ աջակցութիւն վայելող միլիսներու» կողմէ:

Իրաքեան զինեալ խմբաւորումները, սակայն, հերքեցին Սէուտական Արաբիան թիրախաւորած յարձակումներուն մէջ որեւէ դեր ունեցած ըլլալ:

Իրաքեան կառավարական աղբիւր մը «Արապի» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իրաքի վարչապետ Ալի Զէյտիի այսօր նախատեսուած Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը ջնջուած է:

Իրանցի զինուորական լաւատեղեակ պաշտօնատար մը իրանեան պատկերասփիւռին յայտնեց. «Իրան այլ պետութիւններէն Սէուտական Արաբիոյ մէջ թիրախներու ուղղութեամբ արձակուած հրթիռներու հետ որեւէ կապ չունի»:

«Շրջանին մէջ ամերիկեան շահերը թիրախաւորող որեւէ արարք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան վերագրելը գնահատման մեծ սխալ կը նկատուի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութեան անտեղեակութիւն ցոյց կու տայ», նշեց պաշտօնատարը:

Թրամփ. «Իրանին Բիրտ Դաս Մը Պիտի Տանք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իրանը ուժեղ կերպով պիտի հարուածենք, եւ Յորդանանի մէջ ամերիկեան ուժերուն վրայ յարձակումէն ետք, անոր բիրտ դաս մը պիտի տանք»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց. «Իրանի երէկուան յարձակումը անակնկալ էր, եւ մեր ուժերը միայն քանի մը վայրկեան ունէին իրանեան հրթիռներ վար առնելու համար»:

«Իրանի աջակցութիւնը վայելող միլիսները աշխարհի քաղցկեղն են», ըսաւ ան` նշելով. «Իրաքի մէջ միլիսներուն վրայ յարձակումը իրաքեան կառավարութեան հետ համակարգումով տեղի ունեցաւ»:

«Իրանի գործակատարներուն յաւելեալ զգուշացումներ յղելը կը սերտեմ», յայտնեց Թրամփ:

 

 

Leave a Comment