Իրան Եւ Հայաստան Ուժանիւթի Բնագաւառին Վերաբերող Աշխատանքային Միացեալ Խումբ Պիտի Կազմեն

Աշխատանքային այցելութեամբ Իրան գտնուող տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան հանդիպում ունեցաւ Իրանի ուժանիւթի նախարար Մոհսեն Փաքնեժատիի հետ: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութենէն:

Կողմերը քննարկեցին մատակարարուող կազի քանակը աւելցնելու, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ առեւտուրը ընդլայնելու հարցեր:

Հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ ստեղծելու միացեալ մասնագիտական աշխատանքային խումբ, որ պիտի զբաղի ուժանիւթի համագործակցութեան զարգացման նոր ուղղութիւններու ուսումնասիրութեամբ եւ միացեալ նախաձեռնութիւններու մշակումով:

Աւելի կանուխ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը յայտնած էր, որ աշխատանքային խումբը պիտի կեդրոնանայ կազի առեւտուրին վրայ:

Իրանի ուժանիւթի նախարարը նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ գործող ուժանիւթի գործընկերութիւնը հիմնուած է «Կազ ելեկտրականութեան դիմաց» փոխանակման համաձայնագիրին վրայ: Այնուամենայնիւ, ըստ անոր, Իրան առաջարկած է նոր առեւտրական շրջանակ, որ նպատակ ունի ընդլայնել բնական կազի արտածումը:

«ԻՐՆԱ» լրատու գործակալութեան համաձայն, նախարար Փաքնեժատի հանդիպումէն ետք Հայաստանը բնութագրեց իբրեւ Իրանի` «շատ լաւ դրացիներէն մէկը»` ընդգծելով, որ երկու երկիրները ունին համագործակցութեան բազմաթիւ կարելիութիւններ, յատկապէս ուժանիւթի ոլորտին մէջ, որոնք պէտք է հետագային զարգանան:

Հայկական կողմին համաձայն, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ենթակառուցուածքներու, նաեւ նաւթարդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման եւ փոխգործակցութեան խորացման վերաբերող հարցեր:

Նշենք, որ 2009-էն ի վեր Հայաստան Իրանէն կազ կը ստանայ եւ ջերմակայանին մէջ զայն վերածելով ելեկտրականութեան, կրկին կը մատակարարէ Իրանին:

Հայաստան տարեկան կը սպառէ մօտ երկուքուկէս միլիառ խորանարդ մեթր կազ, որուն շուրջ 80 տոկոսը կը ներածուի Ռուսիայէն:

Թեհրանի հետ ուժանիւթի համագործակցութիւնը խորացնելու եւ կազի մատակարարման ծաւալները աւելցնելու մասին Իրանէն հնչող յայտարարութիւնները յաջորդեցին Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանին մատակարարուող կազի գինը բարձրացնելու վերաբերող զգուշացումներուն:

Այս համաձայնագիրին ժամկէտը կ՛աւարտի այս տարի: Սակայն 2023-ի օգոստոսին Հայաստան եւ Իրան երկարաձգեցին «Կազ ելեկտրականութեան դիմաց» ծրագիրի ժամկէտը մինչեւ 2030:

Նախարար Խուդաթեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Իրանի ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար Ֆարզանէ Սատեղի հետ, որոնք քննարկեցին Արաքս գետին վրայ երկրորդ կամուրջի կառուցման նախաձեռնութեան վերաբերող հարցեր:

Նախարարները նշեցին, որ նման ծրագիրի իրականացումը պիտի բարձրացնէ երկու երկիրներուն միջեւ երթեւեկային թողունակութիւնը եւ պիտի նպաստէ տնտեսական համագործակցութեան հետագայ զարգացման:

Անոնք պայմանաւորուեցան ձեռնարկել անհրաժեշտ քայլերու` երկու երկիրներուն միջեւ բեռնափոխադրութեան ծաւալներու ընդլայնման ուղղութեամբ:

Խուդաթեան գոհունակութեամբ արձանագրեց Քաջարան-Ագարակ ուղիի շինարարութեան յառաջընթացը:

 

Leave a Comment