Այսօր, երբ ոմանք կը փորձեն Արցախի հարցը «փակուած» յայտարարել, սպառնալիք կը տեղացնեն, ուրիշներ տարբեր նպատակներու համար կը շահագործեն, անհրաժեշտ է անվարան ըսել` պատմական հարցերը չեն փակուիր պետութիւններու կամ իշխանութիւններու որոշումներով, որովհետեւ անոնք ժողովուրդներու յիշողութեան, իրաւունքի եւ պատմական արդարութեան անբաժանելի մասն են:
Արցախի հարցը չի կրնար փակուած նկատուիլ, որովհետեւ փակուած չէ արդարութեան հարցը, փակուած չէ բռնի տեղահանուած ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքը, փակուած չէ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցը, մանաւանդ փակուած չէ պատմական ճշմարտութիւնը:
«Արցախը հայկական չէ» ըսել` կը նշանակէ ժխտել Գանձասարի հայերէն արձանագրութիւնները, ուր հայ իշխան մը ինքզինք կը կոչէ «բնիկ ինքնակալ բարձր եւ մեծ Արցախական աշխարհի»: Կը նշանակէ անտեսել Կիրակոս Գանձակեցիի վկայութիւնը, Արցախի հայկական իշխանութիւնները, կաթողիկոսութիւնը, վանքերը, եկեղեցիները, խաչքարերը, ձեռագիր մատեանները եւ սերունդներու անընդհատ ներկայութիւնը:
Այս իրողութիւնը ինքնին կը հերքէ այն կեղծ պատկերացումը, թէ Արցախը հայկական կեանքէն հեռու, անորոշ կամ պատահական տարածք մը եղած է: Ընդհակառակը, Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցած են` հայկական իշխանութիւն, պետական կազմակերպուածութիւն, արտաքին քաղաքականութիւն եւ միջազգային յարաբերութիւններ վարելու կարողութիւն:
Այս բառերը ո՛չ ուշ շրջանի խմբագիրի մը մեկնաբանութիւններն են, ո՛չ ալ մերօրեայ քաղաքական գործիչի յայտարարութիւն: Անոնք ԺԳ. դարուն քարի վրայ փորագրուած եւ մինչեւ մեր օրերը հասած պատմական ինքնավկայութիւն են:
«Բնիկ» բառը պատահական չէ: Ան կ՛արտայայտէ ոչ միայն բնակութեան փաստ, այլեւ` հողին հանդէպ ժառանգական, անընդհատ եւ բնական պատկանելիութիւն: «Ինքնակալ» բառը եւս կը հաստատէ քաղաքական ինքնիշխանութեան գիտակցութիւնը: Իսկ «Արցախական աշխարհ» անուանումը ցոյց կու տայ, որ Արցախը ժամանակակից քաղաքական բանավէճերու ընթացքին հնարուած աշխարհագրական հասկացողութիւն մը չէ, այլ` դարերէ ի վեր սեփական անունով ճանչցուած հայկական երկիր:
Կարելի չէ ստիպել, որ քարը ստէ:
Երբ արձանագրութիւնը հայերէն է, կառուցողը հայ է, ճարտարապետական ոճը հայկական է, եկեղեցին Հայ առաքելական հաւատքի սրբավայր է, օծողները հայ հոգեւորականներ են, իսկ տարածքը կը կոչուի «Արցախական աշխարհ», այլեւս ի՞նչ փաստ կը պահանջուի Արցախի հայկականութիւնը հաստատելու համար:
Կարելի չէ պատմութեան հետ վարուիլ ըստ օրուան քաղաքական պահանջներուն: Պատմութիւնը բանակցային փաստաթուղթ չէ, որպէսզի անոր տողերը ջնջուին կամ վերաշարադրուին իշխանութեան մը շահերուն համաձայն: Անցեալը չի դադրիր գոյութիւն ունենալէ պարզապէս անոր համար, որ ներկայի ղեկավարները չեն փափաքիր կամ չեն համարձակիր զայն յիշել:
Արցախի հայկականութիւնը կասկածի տակ առնող հայը չի գործեր միայն պատմական սխալ: Ան կը հարուածէ իր ժողովուրդին հաւաքական յիշողութիւնը, կը նուաստացնէ Արցախի մէջ ապրած, արարած ու նահատակուած սերունդներուն ժառանգութիւնը եւ ակամայ կամ գիտակցաբար կը ծառայէ պատմութիւնը խեղաթիւրելու թշնամական քաղաքականութեան:
Արցախի հարցը փակուած հռչակողները պէտք է պատասխանեն պարզ հարցումի մը. ինչպէ՞ս կարելի է փակուած նկատել հարց մը, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը բռնի տեղահանուած է հազարամեայ հայրենիքէն: Ինչպէ՞ս կարելի է լուծուած համարել հակամարտութիւն մը, երբ հայ բնակչութիւնը զրկուած է` իր բնակարանէն, հողէն, գերեզմաններէն, եկեղեցիներէն եւ վերադարձի տարրական իրաւունքէն:
Բռնութիւնը լուծում չէ: Բռնագրաւումը իրաւունք չի շնորհեր: Ռազմական յաղթանակը չի կրնար փոխել հողին պատմական պատկանելիութիւնը: Եթէ ուժը ըլլար պատմական արդարութեան չափանիշ, աշխարհի բոլոր յափշտակութիւնները պէտք էր նկատուէին օրինական, իսկ բոլոր տեղահանուած ժողովուրդները` իրենց հայրենիքէն ընդմիշտ հրաժարած:
Արցախի այսօրուան բռնագրաւուած վիճակը չի վերացներ անոր հայկականութիւնը, ինչպէս աքսորը չի վերացներ աքսորեալի հայրենական իրաւունքը: Ժողովուրդ մը կրնայ ժամանակաւորապէս զրկուիլ իր հողին վրայ ապրելու հնարաւորութենէն, սակայն ոչ մէկ ուժ կրնայ զայն զրկել այդ հողին հետ ունեցած պատմական, հոգեւոր եւ բարոյական կապէն:
Հետեւաբար Արցախի հարցը չէ փակուած եւ չի կրնար փակուիլ այնքան ժամանակ, որ արցախահայութիւնը չէ վերադարձած իր հայրենի տունը, անոր իրաւունքները չեն վերականգնած, իսկ հայկական ժառանգութիւնը կը գտնուի ոչնչացման, իւրացման եւ ինքնութեան աղաւաղման վտանգին տակ:
Ան, որ այսօր Արցախի հարցը փակուած կը յայտարարէ, ոչ միայն քաղաքական դիրքորոշում կ՛արտայայտէ, այլ նաեւ կը փորձէ վերջակէտ դնել ժողովուրդի մը պատմական իրաւունքին վրայ: Սակայն ո՛չ մէկ իշխանութիւն, ո՛չ մէկ պայմանագիր եւ ո՛չ ալ պարտադրուած լռութիւն մը կրնան վերջակէտ դնել այն իրականութեան, որ դարեր շարունակ գրուած է Արցախի հողին, քարերուն եւ հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ:
Գանձասարը կանգուն է: Անոր պատերուն վրայ հայերէն արձանագրութիւնները տակաւին կը վկայեն: Անոնք կը վկայեն այն ժամանակէն, երբ այսօրուան քաղաքական սահմաններն ու պետութիւնները գոյութիւն չունէին տակաւին: Եւ այնքան ժամանակ, որ այդ արձանագրութիւնները կը մնան, այնքան ժամանակ, որ Ամարասի, Դադիվանքի եւ Արցախի միւս սրբավայրերուն զանգերը կ՛արձագանգեն հայուն հոգիին մէջ, ոչ ոք իրաւունք ունի ըսելու, թէ Արցախի պատմութիւնը փակուած է:
Արցախը հայկական է ո՛չ միայն զգացումով, այլ` փաստով: Ո՛չ միայն յիշողութեամբ, այլեւ` պատմական ներկայութեամբ: Ո՛չ միայն ազգային հաւատամքով, այլեւ` քարի, գիրի, մշակոյթի եւ պետականութեան անառարկելի վկայութեամբ:
Պէտք է մերժել պարտուողական այն միտքը, թէ Արցախի էջը փակուած է: Փակուած կրնայ ըլլալ դիւանագիտական հանդիպում մը, ստորագրուած կրնայ ըլլալ փաստաթուղթ մը, կորսուած կրնայ ըլլալ ճակատամարտ մը, բայց հայրենիքի իրաւունքը չի փակուիր, պատմութիւնը չի ջնջուիր, իսկ արդարութեան պահանջը չի մեռնիր:
Արցախի հարցը պիտի մնայ բաց` մինչեւ արդարութիւնը գտնէ իր տեղը, արցախահայութիւնը` իր հայրենիքը, իսկ պատմական ճշմարտութիւնը` իր ամբողջական ճանաչումը:
Արցախը անցեալ մը չէ միայն: Արցախը իրաւունք է: Արցախը յիշողութիւն է: Արցախը պահանջ է: Եւ այդ պահանջը ոչ ոք կրնայ փակուած յայտարարել:
