Գարմեն Աճեմեանի «Աշուղներու Երգաշխարհ» Երգարանի Շնորհահանդէս

Լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ անցնող օրերուն յատկանշական իրադարձութիւն մը հանդիսացաւ ԳՈՀԱՐ ցուցասրահ-գրադարանին մէջ տեղի ունեցած աշուղական երգերու նոր երգարանի մը շնորհահանդէսը, որ համախմբեց` երաժշտասէրներ, մշակոյթի գործիչներ, երաժշտագէտներ եւ հայ երգի նուիրեալներ:

Հայ մեծանուն աշուղներու մեծադիր լուսանկարներով զարդարուած ԳՈՀԱՐ գրադարանի գլխաւոր դահլիճին մէջ հիւրընկալուած երեկոն վերածուեցաւ ոչ միայն երգարանի մը ներկայացման, այլ նաեւ` հայ երգարուեստին ու ազգային յիշողութեան նուիրուած գեղեցիկ տօնախմբութեան:

Արդարեւ, երկուշաբթի, 13 յուլիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին ԳՈՀԱՐ գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ արուեստագէտ եւ հաղորդավար Գարմեն Աճեմեանի «Աշուղներու երգաշխարհ» երգարանին շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ լիբանանահայ երաժշտասէր հոծ բազմութեան մը:

Շնորհահանդէսին բացման խօսքը արտասանեց եւ ներկաները ողջունեց Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան, որ շեշտեց, թէ այս երգարանը ծնունդ առած է հայ աշուղական հարուստ ժառանգութիւնը պահպանելու եւ զայն սերունդէ սերունդ փոխանցելու հիմնական նպատակէն, ընդգծելով, որ հայ երգը մեր ժողովուրդի պատմական յիշողութեան, հոգեւոր աշխարհին եւ ազգային նկարագիրին կենդանի արտայայտութիւնն է, իսկ նման նախաձեռնութիւններ կարեւոր ներդրում են մշակութային արժէքներու պահպանման առաքելութեան մէջ:

«Ազգ մը իր ինքնութիւնը կը պահէ ոչ միայն իր պատմութեան էջերուն մէջ, այլ նաեւ` իր լեզուին, իր երգին եւ իր մշակոյթին վերապրումին մէջ: Երգը հայ ժողովուրդի հոգիի ձայնն է, անոր մէջ կը զրուցեն մեր նախնիները, կը շնչէ մեր պատմութիւնը, կը լսուին մեր աղօթքները, կ՛արիւնին մեր վէրքերը, կը տնքան մեր ցաւերը, կ՛աղաղակեն մեր յաղթանակները, եւ կը փայլատակեն մեր յոյսերը:

«Ի վերջոյ, երբ երգը կ՛ապրի, ժողովուրդ մը անպայման կ՛ապրի:

«Այս գիտակցութեամբ է, որ այսօր կ՛արժեւորենք այս երգարանին պատրաստութիւնը: Երգարան մը, որ պարզապէս աշուղական երգերու հաւաքածոյ մը չէ, այլ` ազգային յիշողութիւն մը, մշակութային ժառանգութեան արժէքաւոր գանձարան մը եւ մանաւանդ յառաջիկայ սերունդներուն ուղղուած պատգամ մը», ըսաւ Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան:

Ան իր խօսքը ուղղելով երգարանի հեղինակ Գարմեն Աճեմեանին` ըսաւ . «Կան մարդիկ, որոնց կեանքին ընթացքը կը վկայէ, թէ անկեղծ սէրը, նուրբ գեղարուեստական ճաշակը եւ սեփական տաղանդին հանդէպ հաւատքը կրնան նոր հորիզոններ բանալ: Անոնցմէ մէկն է այս երգարանի հեղինակ Գարմեն Աճեմեանը, որուն մասին իբրեւ նախկին գործընկեր եւ երկար տարիներու բարեկամ` համեստօրէն կրնամ վկայել, որ ան հայ երգարուեստին հանդէպ իր խոր նուիրումով, հետեւողական աշխատանքով եւ ստեղծագործ ոգիով կրցաւ գծել իրեն յատուկ ճամբայ մը: Երգարուեստի աշխարհէն ներս ան դանդաղօրէն առաւ իր քայլերը եւ համբերութեամբ, կամքով ու կատարելագործման ձգտումով հասաւ մասնագիտական հանգրուանին, որ աշուղական կամ հայ ժողովրդական երգերու մեկնաբանութեամբ չաւարտեց իր ճամբորդութիւնը, այլ ստեղծագործական ներշնչումով եւ երաժշտական հասունութեամբ ահաւասիկ ան դարձաւ նաեւ աշուղական երգերու երգարանի մը հեղինակ», դիտել տուաւ ան:

Շնորհահանդէսի հանդիսավարը ապա բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ, երաժշտագէտ, խմբավար Զաքար Քէշիշեանը, որ ողջունելով նախաձեռնութիւնն ու նման երգարանի մը ծնունդը` լուսարձակի տակ առաւ քանի մը հիմնական մատնանշելի կէտեր: Ան ըսաւ. «Առաջին ճիշդ բանը, որ եղած է, այս երգարանին շնորհահանդէսը ճիշդ վայրին մէջ կազմակերպուած է` սփիւռքի ամէնէն վաւերական եւ ամէնէն ամբողջական յարկին տակ: Երկրորդ` այս երգարանը կազմած է ճիշդ անձնաւորութիւնը, մեր սիրելի Գարմենը, պատանի` երիտասարդ տարիքին միութենական կեանք ապրած ենք միասին, բայց այդ ժամանակ միտքէս չէր անցներ, որ այսքան երաժշտասէր եւ աշուղասէր, երգող եւ այդքան նուիրուած մէկը ըլլար: Արդարեւ, եթէ աշուղական որեւէ երգի առաջին տողը կարդայ, անմիջապէս հեղինակին անունը կը գիտնայ, ամբողջ երգը կրնայ անգիր երգել: Այդքան տարիներու անոր նուիրումը եւ գիտելիքը զինք հասցուցին հանգրուանի մը, որ ան մտածէ նման երգարանի մը մասին, երգերը հաւաքելով մէկ երդիքի տակ դնելու, գեղեցիկ, վաւերական եւ մնայուն արժէք ունեցող երգարանի մը ծնունդ տալու: Երրորդ ճիշդ բանը երգարանին հարուստ ու համապարփակ ժողովածու ըլլալն է, հոն կան` Սայաթ Նովան, Շահէնը, Շերամը, Հաւասին, Գուսան Աշոտը, եւ մինչեւ այսօրուան աշուղները կան` հինն ու նորը մէկ կողքի տակ:  Չորրորդ` այսօր այս ձեռնարկին համար հրաւիրուած է երգիչ Մաւր Մկրտչեանը, որ գուսանական-աշուղական երգերու հարազատ, յուզական ու ճշգրիտ մեկնաբան է, այս առումով, ալ զինք հրաւիրելը շատ ճիշդ ընտրութիւն է», ըսաւ Զաքար Քէշիշեան, որ այնուհետեւ բացատրութիւններ տուաւ եւ գիտելիքներ փոխանցեց հայ աշուղական երգարուեստին մասին:

Ան հաստատեց, որ նման նախաձեռնութիւններով կը շարունակուի մեր աշուղական արուեստը` լուսարձակի տակ առնելով այն, որ այս երգարանը կու գայ նոր տարածում տալու այդ արուեստին, մանաւանդ որ հոն ընդգրկուած են նաեւ լուսանկարներ եւ  կենսագրական տուեալներ:

Ան ապա իր սեփական յիշատակները պեղելով եւ գեղեցիկ ու հետաքրքրական դրուագներ կիսելով` յայտնեց, որ հայ երկու աշուղներու անձամբ հանդիպած է,  ներկաներուն պատմելով, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցած են այդ հանդիպումները գուսաններ Աշոտի եւ Շահէնի հետ:

«Մեր աշուղական արուեստը կը շարունակուի, մենք ունինք նոր աշուղներ, որոնք չեն զիջիր նախկիններուն, եւ ուրախալի է, որ կան «խենթեր», որոնք նուիրուած են հայ աշուղական արուեստին, եւ կան մարդիկ, որոնք գիտեն վաւերական ազգային մեր մշակոյթը պահող ձեռնարկներու երթալ, քաջալերել, ապրիլ եւ ապրեցնել: Վարձքդ կատար, Գարմեն» ըսաւ ան:

Աշուղական երգերու նոր երգարանի լոյս ընծայումը ողջունեց եւ այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան:

Ան նշեց, որ սփիւռքեան իրականութեան մէջ իւրայատուկ երեւոյթ է նոր երգարանի մը հրատարակութիւնը եւ շնորհահանդէսը: Իւրայատուկ է նաեւ այն պատճառով, որ երգարանին հեղինակը ի՛նք երգող է, երգարանի երգերուն մեկնաբան է: Կարեւոր է նաեւ, որ երգարանին պատրաստութիւնը, հրատարակութիւնը եւ շնորհահանդէսին կազմակերպումը իրագործուած է սփիւռք-հայրենիք գործակցութեամբ, ինչ որ անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ մշակոյթը ազգին տարբեր հատուածները իրարու միացնող ազդակ է:

Աւագեան նկատել տուաւ, որ աշուղական երգերը` իբրեւ գուսանական երգերու շարունակութիւն, ունին դարերու պատմութիւն: Այդ երգերը ստեղծուած են ժողովրդային երգիչներու` աշուղներու կողմէ, հետեւաբար անոնք հարազատ են, որովհետեւ կը ներկայացնեն զիրենք ստեղծողներուն անկեղծ ապրումները, մտածողութիւնն ու իմաստութիւնը: Աշուղական երգերը մեզի կը սորվեցնեն մտածել, զգալ եւ սիրել, շեշտեց ան: Աւագեան յայտնեց, որ այս երգերը եւ երգարանը հասանելի պէտք է ըլլան մանաւանդ նոր սերունդին` պատանի-երիտասարդներուն եւ աշակերտ-միութենականներուն, որպէսզի անոնք եւս ծանօթանան հայ մշակոյթի այս մեծ գոհարին` աշուղական երգարուեստին, որ երկար ժամանակ եղած է ժողովրդային մեր խրախճանքները եւ ընտանեկան-ընկերային հանդիպումները ծաղկեցնող միջոցը:

Իր խօսքին աւարտին Վիգէն Աւագեան դիտել տուաւ, որ երգարանին հեղինակը` Գարմեն Աճեմեան, ինը տարիէ այս եւ նմանօրինակ երգերու ունկնդրութեան վայելքը կը փոխանցէ «Վանայ Ձայն»-ի եթերով, այժմ ան վայելքը կը փոխանցէ գիրքով` հրատարակութեամբ: «Մենք մեզ չզրկենք այդ վայելքէն: Մէկս լսելով, միւսը ընթերցելով, երրորդ մը ասմունքելով եւ մէկ ուրիշը երգելով պէտք է ապրի այդ վայելքը», ըսաւ Աւագեան եւ իր խօսքը եզրափակեց` նշելով. «Որքան որ կարեւոր է, որ այդ երգերը մեր մեծ հայրերն ու հայրերը երգած ըլլան, նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է, որ այդ երգերը մեր զաւակներն ու թոռները երգեն»:

Շնորհահանդէսին երրորդ խօսք արտասանողը եղաւ Թէքէեան մշակութային միութեան երիտասարդական նուագախումբի Youth Band-ի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար մայսթրօ Վիգէն Ջայլեան:

Ան նկատել տուաւ, որ հայկական ժողովրդական երաժշտութիւնը հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան ամէնէն արժէքաւոր գանձերէն մէկն է, որ դարեր շարունակ փոխանցուած է սերունդէ սերունդ` ապահովելով հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, աւանդոյթները, զգացումները եւ ազգային ինքնութիւնը:

«Ժողովրդական երգերն ու մեղեդիները ոչ միայն երաժշտական ստեղծագործութիւններ են, այլ նաեւ մեր ժողովուրդի կեանքի, պայքարի, ուրախութեան եւ տխրութեան արտայայտութիւններ են», աւելցուց ան:

Իր խօսքը ուղղելով երգարանի հեղինակ Գարմեն Աճեմեանին` Ջայլեան ըսաւ, որ ան իր ձայնով ու մշակութային գործունէութեամբ կը նպաստէ հայ մշակոյթի յարատեւման, յատկապէս` սփիւռքեան պայմաններուն մէջ: «Անոր աշխատանքը կը վկայէ, որ երաժշտութիւնը միայն արուեստ չէ, այլ` ազգային յիշողութիւն, լեզուի ու պատմութեան պահպանման միջոց: Գարմեն Աճեմեանի պատրաստած այս երգարանը նաեւ վկայութիւն է, որ տակաւին կան նուիրեալ արուեստագէտներ, որոնք անձնական ժամանակ, աշխատանք ու սէր կը ներդնեն մշակութային արժէքներու պահպանման ի խնդիր: Անոնց ջանքերը յոյս կը ներշնչեն, որ մեր արժէքները տակաւին կը գնահատուին», դիտել տուաւ ան:

Ապա օրուան հանդիսավարին կողմէ բեմ հրաւիրուեցաւ նոր երգարանի հեղինակ Գարմէն Աճեմեան, որ իր յուզումնախառն ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին եւ աջակցեցան այս գործի յաջողութեան:

«Այս երգարանի պատրաստութեան աշխատանքը սկսած էր աւելի քան հինգ տարիներ առաջ` գործակցաբար Հայաստանի Ջիւանիի անուան աշուղական դպրոցի/աշուղագիտարանի, տնօրէնութեամբ փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեանի: Երգարանին հիմնական նպատակներէն մէկն էր, որ ան ըլլայ արեւմտահայերէնով, որպէսզի ճիշդ հնչողութեամբ երգուին անոր մէջ ընդգրկուած երգերը, յատկապէս` սփիւռքի մէջ, եւ որպէսզի նոր սերունդները ծանօթանան երգերու հեղինակներուն եւ  այս պարագային` աշուղներուն», ըսաւ ան:

Գարմեն Աճեմեան իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց  բոլոր անոնց, որոնք հաւատալով այս նախաձեռնութեան կարեւորութեան` բարոյապէս աջակցեցան: «Մեծագոյն շնորհակալութիւնը կ՛երթայ ԳՈՀԱՐ գրադարանին, ինչպէս նաեւ` հայրենի երգիչ Մաւր Մկրտչեանին, որ նոյնպէս սիրայօժար փափաքեցաւ ներկայ ըլլալ այս երեկոյին», ըսաւ Գարմէն Աճեմեան, որ բեմ հրաւիրեց հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտը, որ թէ՛ առանձին եւ թէ՛ Գարմենի ընկերակցութեամբ ներկաներուն մատուցեց փունջ մը աշուղական եւ ժողովրդական երգեր, որոնց բարձրորակ մատուցումն ու մեկնաբանութիւնը մեծապէս ողջունուեցան եւ գնահատուեցան հանդիսատեսներուն կողմէ:

Իր սրտի խօսքին մէջ Մաւր Մկրտիչեան իր հիացմունքն ու ուրախութիւնը արտայայտեց արուեստի ու յատկապէս հայ երգի նկատմամբ լիբանանահայ հանդիսատեսին եւ մասնաւորաբար շնորհահանդէսի ներկաներուն ջերմ ընդունելութեան եւ արժեւորման համար:

Շնորհահանդէսը աւարտեցաւ հեղինակին կողմէ երգարանի օրինակներու մակագրութեամբ եւ վաճառքով:

Leave a Comment