2026 թուականի յուլիսին կը նշուի Լիզպոնի Հինգի անմահ ինքնազոհութեան 43-րդ տարելիցը: 1983 թուականի յուլիս 27-ին Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ հինգ հայ երիտասարդներ` Սեդրակ Աճեմեան, Վաչէ Տաղլեան, Սիմոն Եահնիեան, Արա Քըրճըլեան եւ Սարգիս Աբրահամեան, իրենց կեանքը կամաւոր զոհաբերեցին` ի լուր աշխարհի բարձրաձայնելու Հայոց ցեղասպանութեան չլուծուած դատը եւ մարդկութեան խիղճը ցնցելու միջազգային անտարբերութեան ու քաղաքական կեղծաւորութեան դէմ:
Անոնց անունները վաղուց արդէն դադրած են միայն հինգ անհատներու յիշատակ ըլլալէ: Անոնք դարձած են հայ ժողովուրդի աննկուն կամքին, ազգային արժանապատուութեան, անձնազոհութեան եւ գիտակից պայքարի խորհրդանիշներ: Անոնց ընտրութիւնը յուսահատական քայլ չէր, այլ` պատմական անարդարութեան դէմ ուղղուած գիտակից բողոք, որ ծնունդ առաւ` բռնաբարուած իրաւունքէն, մերժուած արդարութենէն եւ անլսելի դարձած ճշմարտութենէն:
Լիզպոնի գործողութիւնը պէտք չէ դիտուի միայն որպէս պատմական դէպք: Անիկա ահազանգ էր` ուղղուած աշխարհի խուլ ղեկավարներուն, որոնք տասնամեակներ շարունակ քաղաքական շահերը գերադասեցին ճշմարտութենէն եւ արդարութենէն: Լիզպոնի Հինգը իրենց արեամբ յայտարարեցին, որ երբ միջազգային ընտանիքը կը լռէ Ցեղասպանութեան դիմաց, այդ լռութիւնը կը վերածուի նոր անիրաւութիւններու մեղսակցութեան:
Քառասուներեք տարի անց ալ աշխարհը տակաւին լիովին չէ ընկալած այդ պատգամը: Նո՛յն միջազգային երկդիմութիւնը, նո՛յն ընտրովի արդարութիւնը եւ նո՛յն քաղաքական հաշուարկները այսօր ալ կը շարունակեն քաջալերել անպատժելիութիւնը: Այդ պատճառով Լիզպոնի Հինգին պատգամը ոչ թէ անցեալի յիշատակ է, այլ` ներկայի խղճին ուղղուած անժամանցելի կոչ:
Անոնք զէնքը վերցուցին ոչ թէ մահը փառաբանելու, այլ կեանքի, արժանապատուութեան եւ ազգային իրաւունքներու ձայնը լսելի դարձնելու համար: Իրենց նահատակութիւնը դարձաւ այն բոցը, որ լուսաւորեց սերունդներու ճանապարհը եւ վերահաստատեց, թէ կան արժէքներ, որոնց համար հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չընտրէ լռութիւնը կամ անձնատուութիւնը:
Այսօր, երբ Հայաստանը, Արցախը եւ համայն հայութիւնը կը դիմագրաւեն նոր եւ աննախադէպ փորձութիւններ` մեր իսկ իշխանաւորներուն կողմէ, Լիզպոնի Հինգին կտակը կը հնչէ նոյն ուժգնութեամբ. ազգերը կը գոյատեւեն ոչ միայն իրենց բանակներով ու իշխանական փառքերով ու մեծարանքներով, այլ նախեւառաջ` իրենց յիշողութեամբ, արժանապատուութեամբ եւ պայքարելու կամքով: Ազգային իրաւունքները չեն պահպանուիր մոռացութեամբ, այլ` յիշողութեան, պահանջատիրութեան, զոհաբերութեան եւ աննահանջ կամքի միջոցով:
Լիզպոնի հինգ հերոսները ապացուցեցին, որ նահատակութիւնը երբեք պարտութիւն չէ, երբ անիկա կը ծառայէ ազգի պատմական իրաւունքին: Անոնց զոհաբերութիւնը դարձաւ յաւերժական մոմավառութիւն, որ կը լուսաւորէ Հայ դատի ճանապարհը եւ կը ներշնչէ նոր սերունդները` մնալու հաւատարիմ ազգային իտէալներուն:
Այսօր` քառասուներեք տարի անց, մեր խոնարհումը միայն յարգանքի արտայայտութիւն չէ: Անիկա ուխտի վերանորոգում է` շարունակելու արդարութեան, ազգային ազատագրութեան եւ համազգային պահանջատիրութեան ճանապարհը, որուն համար Լիզպոնի Հինգը վճարեցին իրենց մատղաշ կեանքով:
Փա՛ռք եւ խոնարհում Լիզպոնի Հինգի անմեռ յիշատակին:
Թող անոնց անունները միշտ հնչեն` որպէս խղճի ղօղանջ աշխարհի ղեկավարներուն, որպէս ներշնչում հայ երիտասարդութեան եւ որպէս յաւերժ յիշեցում, որ արդարութիւնը կրնայ ուշանալ, բայց երբեք պիտի չմեռնի, քանի դեռ կան ժողովուրդներ, որոնք պատրաստ են ամէնէն թանկը զոհաբերելու յանուն ճշմարտութեան:
Լիզպոնի Հինգը յիշելը պատիւ է:
Անոնց կտակը պահելը` ազգային պարտք:
Անոնց օրինակով ապրիլը` մեր յաւերժական ուխտը:
Թորոնթօ, 2026
