23 յուլիս 2026-ին «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէնութեան հրաւէրով տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններուն եւ ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Բարի գալուստի խօսքին մէջ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան անդրադարձաւ կառոյցի 60-ամեայ առաքելութեան` շեշտելով, որ անիկա իր բազմաբնոյթ ծրագիրներուն զուգահեռ, առաջնահերթ կը նկատէ երիտասարդ սերունդը պատրաստել ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրներուն` զարգացնելով առաջնորդութեան, քննադատական մտածողութեան, հաղորդակցութեան եւ համայնքային պատասխանատուութեան հմտութիւնները:
Այս ծիրին մէջ ան ներկայացուց վերջին երկու տարիներուն յաջողութեամբ իրականացուած «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» աշակերտական բանավէճի ծրագիրը, որ իրականութիւն կը դառնայ գործակցութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ Հայաստանի «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ին` բարձր գնահատելով հայ վարժարաններուն ցուցաբերած նուիրումն ու համագործակցութիւնը:
Իրենց կարգին, դպրոցներու տնօրէններն ու ներկայացուցիչները արժեւորեցին ծրագիրի ազդեցութիւնը` ընդգծելով անոր դերը երիտասարդներու կարողութիւններու զարգացման եւ կրթական հաստատութիւններուն ու համայնքային կազմակերպութիւններուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման մէջ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հետեւեալ հիմնական նիւթերը.
Ա.- «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» բանավէճի ծրագիրը, ուր ներկայացուեցան ծրագիրի արձանագրած յաջողութիւնները, ձեռքբերումները եւ բարելաւման ենթակայ կէտերը: Առաջարկուեցաւ նաեւ 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններու աշակերտները ներառել իբրեւ նախապատրաստական փուլ` հանրային խօսքի, քննադատական մտածողութեան եւ բանավիճելու հմտութիւններու աւելի ամուր հիմք ստեղծելու նպատակով:
Բ.- «Երիտասարդ հետազօտողներու ակումբ»-ի նախաձեռնութիւնը` գործակցաբար Հայաստանի «Ճինիշեան ձեռնարկ»-ի եւ Լեհաստանի «Copernicus Science Center»-ի. առաջարկուեցաւ այս ծրագիրը մեկնարկել նաեւ Լիբանանի մէջ` հետաքրքրուած վարժարաններու մասնակցութեամբ, երիտասարդներուն տրամադրելով նոր կրթական, գիտական եւ հետազօտական փորձառութիւններ:
Գ.- «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի 60-ամեակին նուիրուած համայնքային նախաձեռնութիւնը, որուն ծիրին մէջ հայկական վարժարանները պիտի մշակեն եւ իրականացնեն համայնքային զարգացման ծրագիր մը` իրենց աշակերտներուն գործօն մասնակցութեամբ: Ներկայացուած ծրագիրներէն լաւագոյնը պիտի արժանանայ դրամաշնորհի` իրագործման համար:
Հանդիպումը անցաւ ջերմ, կառուցողական եւ համագործակցային մթնոլորտի մէջ` վերահաստատելով «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի յանձնառութիւնը` շարունակելու իր սերտ համագործակցութիւնը լիբանանահայ կրթական հաստատութիւններուն հետ` կրթութեան, երիտասարդներու հզօրացման եւ համայնքային զարգացման միջոցով աւելի գիտակից, նախաձեռնող եւ պատասխանատու սերունդ կերտելու նպատակով:

