Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց շաբաթավերջին Կասպից ծովուն մէջ իրանեան նաւու մը վրայ ուքրանական յարձակումի «անսպասելի» հետեւանքներէն` շեշտելով, որ այդ արարքը «անպատասխան պիտի չմնայ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի լրագրողներուն յայտնեց. «Ուքրանական այս արարքը բացարձակապէս ապօրինի եւ անարդարանալի է, ինչ որ կը հակասէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, ինչպէս նաեւ վտանգաւոր արկածախնդրութիւն մըն է, որ հաստատօրէն մեր կողմէն անպատասխան պիտի չմնայ»:
Ան աւելցուց, որ ուքրանական այս քայլին հետեւանքները «հաստատաբար անսպասելի պիտի ըլլան»:
«Ուքրանիոյ նախագահի վարքագիծը կը յիշեցնէ անիշխանականներու վարքագիծը, որոնք Համաշխարհային Ա. պատերազմի նախօրեակին կատարած էին թատերական եւ շատ վտանգաւոր գործողութիւններ, որոնց հետեւանքները անդրադարձ ունեցան ամբողջ Եւրոպայի վրայ», ըսաւ Պաղայի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին համաձայն, ուքրանական վարչակարգը իր երկիրը իջեցուց գերտէրութիւններու միջեւ աշխարհաքաղաքական վէճերու գործիքի մակարդակի:
«Ուքրանական վարչակարգը իր երկիրը իջեցուց գերտէրութիւններու միջեւ աշխարհաքաղաքական վէճերու գործիքի մակարդակի: Այս ժամանակահատուածին մէջ անիկա մեղադրած է տարբեր երկիրներ: Խնդիրի լուծման վրայ կեդրոնանալու եւ իր երկիրն ու շրջանը Արեւելեան Եւրոպային եւ, որոշ առումով, ամբողջ աշխարհին պարտադրուած պատերազմէն փրկելու փոխարէն` անիկա անընդհատ ուրիշները մեղադրած է», նշեց Պաղայի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի իր կարգին «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Զելենսքին յարձակած է իրանեան առեւտրական նաւու մը վրայ` նաւաստի սպաննելով: Ասիկա ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան բացայայտ խախտում է, որ կատարուած է Իսրայէլի դրդումով` Եւրոպան իր պատերազմի մէջ ներքաշելու համար»:
Ան նաեւ յայտնած է, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ընդգծած է, որ Քիեւի այս քայլը «չի կրնար անպատասխան մնալ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ օր դատապարտած էր Կասպից ծովուն մէջ իրանեան առեւտրական նաւուն վրայ ուքրանական յարձակումը` յայտարարելով, որ պայթումի հետեւանքով նաւաստի մը զոհուած է, իսկ մէկ ուրիշը` վիրաւորուած:
Թեհրան նաւուն դէմ հարուածը որակած է յարձակում եւ յայտարարած, որ պիտի պաշտպանէ իր ազգային շահերն ու անվտանգութիւնը` միեւնոյն ժամանակ Քիեւը մեղադրելով ուքրանական պատերազմը ընդլայնելու փորձերու յանցանքով:
ԻՐՆԱ կը հաղորդէ, որ Թեհրանի մէջ Ուքրանիոյ ժամանակաւոր հաւատարմատարը կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր իրանեան կողմը իր բողոքը յայտնած է, ինչպէս Թեհրան կը բնութագրէ, «թշնամական եւ յանցաւոր» յարձակումին համար: