Պրազիլի Իշխանութիւնները Իրենց Մօտ Կանչեցին Արժանթինի Դեսպանը

Արժանթինի նախագահ Խաֆիեր Միլիի մասնաւորաբար Պրազիլի նախագահ Լուիս Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվայի հասցէին կատարած «վարկաբեկիչ յայտարարութիւններէն» ետք, Պրազիլի կառավարութիւնը իր մօտ կանչեց Արժանթինի դեսպանը: Այս մասին դիւանագիտական աղբիւր մը յայտնեց ԱՖՓ լրատու գործակալութեան:

Նախքան այդ, Պրազիլ խորհրդակցութեան համար իր մօտ կանչած էր Արժանթինի մէջ իր դեսպանը, երբ Միլի իր պրազիլցի պաշտօնակիցը, առանց անոր անունը տալու, «գող» եւ «դատապարտեալ» կոչեց Սան Փաուլոյի մէջ քաղաքական հաւաքի մը ընթացքին:

 

Leave a Comment