Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներ մեկնելէ առաջ Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդին յայտնեց, որ պիտի մերժէ Կազայէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն հեռացումներ կատարելու ամերիկացիներու պահանջները:
«Ամերիկացիները Կազայէն, Սուրիայէն ու Լիբանանէն հեռացումներու շարք մը պիտի պահանջեն, եւ ես այդ պահանջները կը մերժեմ», ըսած է ան:
Աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին յայտնած են, որ ան նախարարներուն ըսած է, թէ մտադիր է վճռական կեցուածք որդեգրել եւ ատոր ընդդիմանալ:
Միւս կողմէ, Նեթանիահու ամերիկեան «Ֆոքս Նիւզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ համաձայնութեան ճամբով կամ առանց համաձայնութեան պէտք է Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերջ տալ:
Ան նշած է, որ պատերազմը պիտի աւարտի, երբ իրանեան վարչակարգը տապալի կամ տկարանայ, որպէսզի հիւլէական իր ծրագիրէն հրաժարելու անհրաժեշտութեան գիտակցի:
Իսրայէլի վարչապետը նաեւ յայտնած է, որ Լիբանանի համաձայնութեան յառաջ քշման փաստը մեծ յառաջընթաց է, որովհետեւ ցոյց կու տայ, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը վախցնելու Հըզպալլայի կարողութիւնը զգալիօրէն նուազած է:
Ան ըսած է. «Մենք պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս պիտի զարգանան իրադարձութիւնները լիբանանեան բանակի` մեր կողմէ «մաքրուող» տարածքները վերահսկելու կարողութեան վերաբերեալ»: