Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Փոկաչար 5-րդ Անգամ Ըլլալով Կրնայ Շահիլ. Քարափաս Յաղթեց 20-րդ Հանգրուանը

Սլովենիացի Թատէյ Փոկաչար 5-րդ անգամ ըլլալով կրնայ դառնալ «Թուր տը Ֆրանս»-ի ախոյեան, եթէ վերջին հանգրուանին արկած մը չունենայ եւ բնական աւարտէ հանգրուանը:

20-րդ հանգրուանը, որ տեղի ունեցաւ Ալփեան լեռներու բլուրներուն վրայ, ծովու մակերեսէն 5450 մեթր բարձրութեան վրայ, ունէր 171 քմ հեռաւորութիւն:

«Թուր տը Ֆրանս»-ի «թագուհի» հանգրուանը կը սպասուէր, որ աւարտի Փոկաչարի յաղթանակով, սակայն սլովենիացի մարզիկը աւելի կեդրոնացած էր իր խմբակից Իզաք Տել Թորոյի վրայ, որ անպայման աւարտէ հանգրուանը Տեքաթլոնի հեծելանւորդ Փոլ Սեքսասէն առաջ` շահելու համար սպիտակ շապիկը` իբրեւ երիտասարդ մարզիկներու ախոյեան:

Հանգրուանը շահեցաւ էքուատորցի Ռիչարտ Քարափաս (Ի. Էֆ. Էճիւքէյշըն), որ 18-րդ հանգրուանն ալ շահած էր` դառնալով կէտաւոր շապիկի թիւ 1 թեկնածուն, շապիկ մը, որ կը կրէ լաւագոյն մագլցող մարզիկը:

Քարափաս 26 երկվայրկեանի առաւելութեամբ գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ ընդհանուր դասաւորման Բ. դիրքը գրաւող Ռեմքօ Էվենեփուլ գրաւեց Բ. դիրքը` 5 երկվայրկեանով գերազանցելով ամերիկացի Սեփ Քասը (Վիսմա), որ երկու փոքր արկածներ ունենալով կորսնցուց առաջին դիրքը:

Փոկաչար եւ Տելթորօ 4-րդ եւ 5-րդ դիրքերը գրաւեցին` ուս-ուսի կտրելով ժամանման գիծը, մինչ Սեքսաս 1′ 50″ աւելի ուշ մնաց (10-րդ դիրքին վրայ):

Ընդհանուր դասաւորման մէջ, Փոկաչար 6′ 26″ առաւելութիւն ունի Էվենեփուլի վրայ, մինչ Տել Թորօ 3-րդ դիրքը գրաւելով 2′ 14″ առաւելութիւն ունի 4-րդ դիրքը գրաւող Սեքսասի վրայ:

 

Leave a Comment