Համա-ՀՄԸՄ-ական աշխուժութեամբ եռուն օրերը կը շարունակուին Հայաստանի մէջ, ուր մէկ շաբթուան ընթացքին երեք կարեւոր ու մեծ ձեռնարկներ գրեթէ միաժամանակ կը կատարուին Երեւանի, Աղվերանի եւ Բիւրականի մէջ:
Կարեւորագոյն եւ մեծագոյն ձեռնարկը` համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ ընդհանուր բանակումը, ընթացք կ՛առնէ այսօր երեկոյեան ժամը 6:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), պաշտօնական արարողութեամբ մը, որ ուղղակիօրէն կը սփռուի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ի բոլոր շրջաններու Դիմատետրի էջերէն: Բանակումին կը մասնակցին 900 բանակողներ, ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ 26 շրջաններէն եւ Իրանի սկաուտական չորս միութիւններէն:
Բանակումը կը տեւէ 10 օր: Շաբաթ յետմիջօրէին բանակողները հանդիսաւոր տողանցք պիտի կատարեն Երեւանի մէջ, ապա յարգանքի տուրք պիտի ընծայեն Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր այցելութեամբ: Երկուշաբթի անոնք պիտի ոգեկոչեն Լիզպոնի հերոսական գործողութեան 43-ամեակը: Յաջորդ օր պիտի կազմակերպեն բազմամշակութային օր եւ պիտի հաստատեն համաշխարհային նոր մրցանիշ` բանակողներու աննախընթաց մեծագոյն թիւով կազմելով միջազգային սկաուտութեան շուշանածաղիկը (նախորդ մրցանիշը հաստատուած է Անգլիոյ մէջ 425 սկաուտով): Համաշխարհային մրցանիշի հաստատման ներկայ կը գտնուին միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Աղվերանի Մէջ
Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումի նախօրեակին, Աղվերանի մէջ երէկ աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական բարձրագոյն կարգին` «Արարատեան» կարգին կազմակերպումը: Կարգը կ՛իրագործուի չորս տարին անգամ մը, մէկուկէս տարուան վրայ երկարող տեսական եւ գործնական դասընթացքներով: Այս տարի կարգին կը մասնակցին 59 բարձրաստիճան սկաուտներ, որոնք Աղվերանի մէջ եռօրեայ հանդիպումի մը ընթացքին կը ներկայացնեն իրենց աւարտաճառերը եւ համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի բացման կը ստանան կարգին հաստատագիրներն ու կրծքանշանները:
Երեւանի Մէջ
Երեւանի մէջ, համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական համագումարին վերջին օրը ունեցաւ բեղուն յայտագիր: Համագումարի մասնակիցներուն այցելեց եւ զեկուցում մը ներկայացուց ԹՈՒՄՕ կեդրոնի հանրային կապերու տնօրէն Շուշան Մարուքի: Համագումարի մասնակիցները, իրենց կարգին, այցելեցին Ազգային արխիւ եւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի լսատեսողական բաժին (Media lab), ուր ծանօթացան տեսանիւթեր պատրաստելու, փոթքասթ արձանագրելու եւ հանրային կապեր մշակելու ժամանակակից միջոցներուն:
Հարկ է նշել, որ Ազգային գրադարան, Ազգային արխիւ եւ Ամերիկեան համալսարան այցելութիւնները ծառայեցին յիշեալ հիմնարկներուն հետ ՀՄԸՄ-ի գործակցութեան հաստատման: Ազգային գրադարանի եւ արխիւի տնօրէնութիւններուն յանձնուեցան միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի 46 տարուան բոլոր թիւերուն թուայնացած օրինակները եւ մատենագիտութիւնը):
Հանդիպումները կարեւոր առիթներ եղան փոխադարձ ծանօթացման եւ յառաջիկային երկկողմ ծրագիրներու մշակման:

