Ամերիկեան Բանակը 12-րդ Գիշերն Ըլլալով Ռմբակոծեց Իրանը. Ռուպիօ. Ուաշինկթըն Տակաւին Պատրաստ Է Բանակցելու, Սակայն Թեհրան Բանակցութիւնները Լուրջի Չ՛առներ»

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ աւարտած են 12-րդ գիշերն ըլլալով Իրանի վրայ յարձակումները, որոնց նպատակը «քաղաքայիններն ու շրջանային ջուրերէն անցնող քաղաքային նաւաստիներուն ու առեւտրական նաւերուն սպառնալու Իրանի կարողութիւնը աւելի մեծ չափով սահմանափակելն էր»:

Կեդրոնական հրամանատարութիւնը աւելցուց, որ թիրախաւորած է իրանեան զինուորական դիրքեր, որոնք ներառած են ծովային կարողութիւններ, հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու պահեստանոցներ, ինչպէս նաեւ 9 նաւերու ուղղութիւնը փոխուած է եւ խանգարուած նաւ մը` արգելք հանդիսանալով, որ անոնք իրանեան նաւահանգիստ մուտք գործեն եւ անոնցմէ դուրս գան:

Իրանեան պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, երկրի հարաւարեւմտեան Խուզիստան նահանգի Ահուազ եւ Ռամշիր քաղաքներուն մէջ եւ հարաւային Հորմուզղան նահանգի Ժասք եւ Սիրիք քաղաքներուն մէջ պայթումներու ձայներ լսուած են:

Իրանեան Հորմուզղան նահանգի նաւահանգիստներու վարչութիւնը ըսաւ, որ ամերիկեան յարձակում մը ծանրօրէն վնասած է փրկարարական երկու նաւեր:

Պուշահրի նահանգապետը իր կարգին յայտնեց, որ հրթիռ մը հարուածած է Պուշահր հիւլէական կայանին մօտ գտնուող ելեկտրակայան մը, այդ պատճառով ալ գիւղ մը երկու ժամ ելեկտրականութենէ զրկուած է:

Իրանցի պաշտօնատար մըն ալ իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ամերիկեան հրթիռային երկրորդ յարձակում մը թիրախաւորած է Պուշահրի մէջ գտնուող զինուորական դիրք մը:

Իրանի յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, թէ Քուէյթի մէջ անօդաչու թռչող սարքերով հարուածած է երեք ամերիկեան ռազմակայաններ` «հակադարձելով մեր հողերուն վրայ ամերիկեան յարձակումներու շարունակման»:

Պահակագունդը նաեւ յայտարարեց, թէ յարձակում գործած է Յորդանանի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններու վրայ եւ քանդած ամերիկեան հակաօդային պաշտպանութեան ԹԱԱՏ եւ «Փաթրիոթ» համակարգեր, կազատար մը եւ վառելանիւթի ամբարներ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ տակաւին պատրաստ են հակամարտութեան վերջ տալու համար բանակցելու, սակայն Թեհրան բանակցութիւնները լուրջի չ՛առներ:

Ռուպիօ Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան` ԱՍԷԱՆ-ի արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի ընթացքին նշեց, որ Ուաշինկթըն «միշտ յանձնառու է դիւանագիտութեան», սակայն կասկած յայտնեց, որ Թեհրան բանակցութիւններուն նոյնքան յանձնառու է:

«Ներկայիս մեր դիմագրաւած խնդիրը այն է, որ անոնք բանակցութիւնները լուրջի չեն առներ: Եթէ լուրջ ըլլան, մենք եւս լուրջ պիտի ըլլանք: Եթէ այդպէս չըլլան, մեր շահերն ու մեր դաշնակիցներուն շահերը պաշտպանելու համար պէտք եղածը պիտի ընենք», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Իրանին չարտօնել Հորմուզի նեղուցին տիրել, որովհետեւ ատիկա վտանգաւոր նախադէպ մը պիտի ըլլայ աշխարհի, ներառեալ հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններուն համար, որոնցմէ ոմանք Հարաւային չինական ծովուն մէջ Չինաստանի հետ շրջանային հակամարտութեան մէջ են:

«Եթէ Միջին Արեւելքի մէջ արտօնենք նախադէպ մը, որ ազգ-պետութիւններուն կ՛արտօնէ միջազգային ջրային անցքին տիրել, անցման տուրք գանձել եւ չվճարելու պարագային նաւեր պայթեցնել, ստեղծած պիտի ըլլանք չափազանց վտանգաւոր նախադէպ մը, որ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ, ներառեալ այս շրջանին մէջ պիտի կրկնուի», յայտնեց Ռուպիօ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Չենք ուզեր Հորմուզի նեղուցին տիրել, սակայն ստիպուած ենք պէտք եղածը ընելու, որովհետեւ Իրանին չենք կրնար հիւլէական զէնք ձեռք բերել արտօնել»:

«Իրանցիները կ՛ուզեն գործարք կնքել, սակայն ատոր պատրաստ չեն, եւ մօտ օրէն պատրաստ պիտի ըլլան: Մենք Իրանի մէջ յառաջընթաց կ՛արձանագրենք եւ աշխատանք կը տանինք երաշխաւորելու, որ իր կատարածը անգամ մը եւս չկարենայ կատարել», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց, թէ որեւէ կողմ, որ որեւէ ձեւով Իրանի դէմ ամերիկեան յարձակումին կը նպաստէ, օրինական թիրախ մը պիտի նկատուի:

Արաղչի հակադարձելով ամերիկեան վարչակազմին կողմէ հնչած վերջին սպառնալիքներուն նշեց. «Մեր պաշտպանական վարդապետութիւնը յստակ է` ակն ընդ ական, ատամն ընդ ատաման»:

Ան շեշտեց, որ Թեհրան պատրաստ է որեւէ հաւանական յարձակումի հակադարձելու` աւելցնելով. «Իրանի վրայ որեւէ յարձակում, ներառեալ մեր ենթակառոյցները թիրախաւորող, մեզի պիտի ստիպէ ուժեղ եւ վճռական պատասխան տալու»:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թահեր Անտրապի յայտնեց, որ փաքիստանեան դրօշը բարձրացուցած որեւէ նաւու որեւէ սպառնալիք իր երկրի ազգային անվտանգութեան սպառնալիք կը նկատուի` շեշտելով, որ Փաքիստան կը պահպանէ հակադարձելու իր իրաւունքը:

Անտրապի վերստին կոչ ուղղեց մագլցումը մեղմացնելու եւ յարգելու Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրի բովանդակութիւնը:

Ան նշեց, որ Փաքիստանի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարները Մանիլայի մէջ Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան` ԱՍԷԱՆ-ի ժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած են եւ ընդգծած շրջանի պետութիւններու գերիշխանութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը:

Անտրապի նաեւ յայտնեց, որ Փաքիստան մտահոգ է Սէուտական Արաբիան Միջին Արեւելքի հակամարտութեան մէջ ներքաշելու փորձերէն` շեշտելով, որ իր երկիրը կ՛աջակցի Սէուտական Արաբիոյ անվտանգութեան, գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան:

 

Leave a Comment