Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ուայզ» կայքին յայտնեց, որ կը սպասէ ծանօթանալու Ուաշինկթընի երկկողմանի ժողովներուն ընթացքին տեղի ունեցածին եւ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան հեռացումները գործնականացնելու յանձնառութեան տարողութեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ նախագահ Աունի Ուաշինկթընէն վերադարձէն ետք անոր հետ հանդիպում պիտի ունենա՞յ, Պըրրի ըսաւ. «Հաղորդակցութիւնը կայ»:
Խօսելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Լիբանանի մէջ սուրիական միջամտութեան մասին խօսքին մասին, Պըրրի յայտնեց. «Մտավախութիւն չունիմ, որովհետեւ միջամտութիւններու կամ լարուածութեան յառաջացման որեւէ մտադրութեան սուրիական ցուցանիշեր եւ լիբանանեան ցուցանիշեր գոյութիւն չունին»:
Անդրադառնալով վարչապետ Նաուաֆ Սալամի Զաութար Ղարպիէ այցելութեան` Պըրրի նշեց. «Անիկա խորհրդանշական է եւ հետս համակարգուած: Ան ինծի հեռաձայնեց, եւ զինք յորդորեցի կանուխէն եւ լիբանանեան բանակին հետ համակարգումով (Զաութար Ղարպիէ) ուղղուելու, որովհետեւ իսրայէլեան բանակը կրակոցը չդադրեցուց»: