Պուլոս. «Թրամփ Լիբանանէն Իսրայէլի Ամբողջական Հեռացման Յանձնառու Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի արաբական, Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի հարցերով աւագ խորհրդական Մասաատ Պուլոս «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն յանձնառու է հարաւային Լիբանանի վերաբերող համաձայնութեան գործադրութեան` շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իսրայէլեան ամբողջական հեռացման յանձնառու է եւ աշխատանք կը տանի Լիբանանի ու շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար:

Ան ըսաւ, թէ որեւէ համաձայնութիւն իր բնոյթէն մեկնելով հաւանական մարտահրաւէրներ, արգելքներ եւ ուշացումներ կը դիմագրաւէ, սակայն հիմնական առաքելութիւնը զանոնք շրջանցելն ու համաձայնեցուածի գործադրութիւնը երաշխաւորելն է:

Պուլոս նշեց, որ Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունն ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ղեկավարութեամբ լիբանանեան կառավարութիւնը, լիբանանեան բանակին կողքին «մինչեւ հիմա հոյակապ աշխատանք կը տանին»` նշելով, որ լիբանանեան կողմին, Միացեալ Նահանգներու եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ սերտ համակարգում գոյութիւն ունի` համաձայնութեան գործադրութիւնը երաշխաւորելու համար:

Ան աւելցուց, որ Թրամփ «ամբողջովին յանձնառու է» այս ուղիին, եւ անցնող երկու տարիներուն ընթացքին իր դիրքորոշումը յստակօրէն արտայայտեց` շեշտելով, որ կը փափաքի Լիբանանի ու շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատել եւ իր յայտարարած խոստումները յարգել:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ամերիկեան վարչակազմը արդեօք յաջողեցա՞ւ լիբանանեան թղթածրարը Իրանէն անջատել, Պուլոս ըսաւ, որ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, «շրջանային պատերազմ է»` աւելցնելով, որ նախագահ Թրամփ նախապէս այս դիրքորոշումը յստակացուց:

Թրամփի ծագումով լիբանանցի աւագ խորհրդականը աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ Հըզպալլան Իրանի գործակատար կը նկատեն, եւ կուսակցութիւնը «տասնամեակներ շարունակ Լիբանանը պատանդ պահեց»: Ժամանակն է, որ լիբանանեան կառավարութիւնն ու լիբանանեան զինեալ ուժերը կացութեան տէր կանգնին եւ այս իրողութեան վերջ տան:

Անդրադառնալով այն խօսակցութիւններուն, թէ լիբանանեան բանակին 150 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի, Պուլոս հերքեց այդ առնչութեամբ որոշումի մը գոյութիւնը` աւելցնելով, որ այդպիսի որեւէ ֆինանսաւորման իրաւասութիւնը Քոնկրեսին կը պատկանի, «սակայն որեւէ թիւ չքննարկեցինք»:

 

Leave a Comment