Ամերիկեան վարչակազմէն պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պաշտօնապէս հաւանութիւն տուած է Սէուտական Արաբիոյ հետ պատմական համաձայնութեան մը` թագաւորութիւնը օժտելու քաղաքային հիւլէական ծրագիրով մը, որ անոր հողերուն վրայ իւրանիոմի հարստացման ճամբան կը հարթէ:
Ամերիկեան օրաթերթին համաձայն, համաձայնութիւնը կ՛երկարի 30 տարուան վրայ, եւ անոր արժէքը կը գնահատուի տասնեակ միլիառաւոր տոլարներով:
Համաձայնութիւնը ամերիկեան ընկերութիւններու առանցքային դերակատարութիւն կը շնորհէ սէուտական հիւլէական ենթակառոյցներու զարգացման մէջ` հեռացնելով մնացեալ օտար մրցակիցները: