«Քնեսեթը Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը Չքննարկեց Պաքուի Ճնշումին Պատճառով» Կը Գրէ «Հաարեց»

Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ անցեալ ամիս հաստատուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումը Իսրայէլի խորհրդարանին` Քնեսեթին մէջ չէ քննարկուած եւ քուէարկութեան չէ դրուած` վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի վրայ Ազրպէյճանի բանեցուցած ճնշումին պատճառով, կը գրէ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը:

Ըստ թերթին, Նեթանիահու միջամտած է կասեցնելու համար իր արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի կողմէ առաջարկուած քուէարկութիւնը, երբ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւ այս հարցով կապ հաստատած է վարչապետի գրասենեակին հետ:

Իսրայէլի կառավարութիւնը այնուհետեւ տեղեկացուցած է «Հաարեց»-ի պաշտօնատարներուն, որ հարցը հանուած է Քնեսեթի օրակարգէն:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց, որ քուէարկութիւնը չէ կատարուած Նեթանիահուի միջամտութեան պատճառով, միաժամանակ այլ բացատրութիւն չներկայացնելով:

Աւելի կանուխ, ազրպէյճանական Հաքքին. ազ կայքը, որ անցեալ ամիս վաճառուած էր նախագահ Իլհամ Ալիեւէն մրցանակ ստացած լրագրողի մը, հաղորդած էր, թէ Իսրայէլ նկատի առած է Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով Պաքուի մտահոգութիւնները եւ որոշուած է հարցը օրակարգէն հանել:

Պաքու աւելի կանուխ պաշտօնապէս դատապարտած էր Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումը եւ կոչ ուղղած էր զայն վերատեսութեան ենթարկելու: Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու նպատակով, Ալիեւ նաեւ հիւրընկալած էր Պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Մոհամետ Մուսթաֆան եւ զօրակցութիւն յայտնած էր Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան պետութիւն մը հաստատելու գաղափարին` միաժամանակ օժանդակութիւններ տրամադրելով  պաղեստինցիներուն:

«Հաարեց» կը յիշեցնէ, թէ Իսրայէլ Պաքուն կը նկատէ իր կարեւոր գործընկերներէն մէկը` նշելով, որ հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան ընթացքին Թել Աւիւը Ազրպէյճանին զէնք հայթայթող կարեւոր կողմերէն մէկը հանդիսացած էր:

Իր կարգին, «Սի. Էն. Էն.»-ը վերջերս հաղորդած էր, որ Իրանի դէմ վերջին ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին Իսրայէլ նաեւ յատուկ ուժեր ղրկած էր Ազրպէյճան:

 

 

Leave a Comment