Ռուսիան եւ Ազրպէյճանը կը շարժին դէպի երկու երկիրներուն միջեւ դաշնակցային գործակցութեան մասին հռչակագիրի ներուժի լիարժէք բացայայտումը` շնորհիւ տարբեր մակարդակներու վրայ, ներառեալ պետութիւններու ղեկավարներու մակարդակը, շարունակուող կանոնաւոր հաղորդակցութիւններուն: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` բանալով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի ղեկավար Ճէյհուն Պայրամովի հետ բանակցութիւնները:
Ռուսական դիւանագիտութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով երկխօսութիւնը հերթական անգամ կ՛ամրապնդէ նախագահներու, ինչպէս նաեւ կառավարութիւններու, նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու, խորհրդարաններու գծով կանոնաւոր հաղորդակցութիւնները:
«Այս ամէնը ցոյց կու տայ, որ հակառակ պարբերաբար ծագող այս կամ այն բարդութիւններուն, իսկ անոնք կեանքին մէջ անխուսափելի են, մենք կը շարժինք դէպի լիարժէք բացայայտումը դաշնակցային համագործակցութեան մասին Մոսկուայի հռչակագիրին, որ ստորագրուած է 22 փետրուար 2022-ին»:
Նախարարը առանձին ուշադրութիւն դարձուցած է ստորագրման թուականին` նշելով. «Թուականն ալ այսպէս է, ի դէպ` 22,2,22»:
Ռուսական կողմը իր կարգին ուրախ է Մոսկուայի մէջ ընդունելու ազրպէյճանցի գործընկերները եւ շարունակելու Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարներուն մակարդակով երկխօսութիւնը: