Իրաքի Իսլամական Դիմադրութիւնը Թրամփը Սպաննողին 10 Միլիոն Տոլարի Պարգեւ Կը Յատկացնէ

Իրաքի Իսլամական դիմադրութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ամերիկեան վարչակազմի բարոյական անկման ամէն ակնառու ապացոյցը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի երկու ղեկավարներու` Քասեմ Սուլէյմանիի եւ Ապու Մահտի Մուհանտեսի դէմ իր դաւաճանութեան եւ յարձակումին մասին պարծենկոտութիւնն է»:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Իրաքի Իսլամական դիմադրութիւնը կ՛առաջարկէ 10 միլիոն տոլարի պարգեւ, որ կը հաւաքուի իր հաւատարիմ անդամներուն եւ քաջարի կողմնակիցներուն նուիրատուութիւններէն` յանցագործ Թրամփի սպանութեան կամ այս պարգեւը անհատին, խումբին, կազմակերպութեան կամ հաստատութեան յատկացնելու համար:

«Աշխարհի ազատ մարդիկը պիտի շարունակեն հետապնդել երեխաներու եւ գիտնականներու մարդասպանը: Բռնակալները երբեք խաղաղութիւն պիտի չտեսնեն, իսկ յանցագործը ապաստան պիտի չգտնէ պատուականի զայրոյթէն: Հատուցումը սուրբ ուխտ է ժիհատականներու ուսերուն», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Leave a Comment