Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտարարեց, թէ «Լիբանանի ներկայ իշխանութիւնը իր ժողովուրդը չի հանգստացներ եւ աշխատանք չի տանիր զայն պաշտպանելու, անոր հողը ազատագրելու եւ գերիշխանութիւնը պաշտպանելու, այլ` կը ներկայացնէ պետութեան մը բնորդը, օրինակովը իր համաձայնութեան, որուն մէջ կը լքէ իր հողը, իր ժողովուրդը, իր գերիշխանութիւնն ու օրինական իրաւունքները, որովհետեւ իր գործունէութիւնը Լիբանանի շահերու որոնումէն չի մեկնիր»:
«Իշխանութեան միակ մտահոգութիւնը Լիբանանի ունեցած ուժի ազդակներու տկարացման որոնումն է, որովհետեւ իշխանութիւն մըն է, որ ի սկզբանէ յանձնառու է արտաքին ծրագիրի մը, որուն վերնագիրը Դիմադրութիւնը տկարացնելն ու զայն զինաթափելն է: Համաձայնութիւնը կարդացած ոեւէ անձ, որ օրէնքէ, սահմանադրութենէ եւ միջազգային համաձայնութիւններէ կը հասկնայ, կը տեսնէ, որ անիկա ամբողջովին թշնամիին ի շահ է, եւ անոր մէջ ոչ իսկ մէկ յօդուած, ոչ իսկ մէկ բառ կայ ի նպաստ Լիբանանի», նշեց երեսփոխանը:
«Իշխանութեան վարմունքը կը վիժեցնէ պետութեան կառուցման գաղափարը: Անոնց կատարածը պետութեան աշխատանքին, անոր հաստատութիւններու կանոնաւորութեան եւ Ազգային ուխտի ու սահմանադրութեան կանոններու յարգումին չի նմանիր:
«Նոյնիսկ զէնքի մենաշնորհի կարգախօսը առաջարկողները չեն սկսիր հզօր, կարող պետութիւն կառուցելու գաղափարէն, որ կը հանգստացնէ պետութեան ամբողջ ժողովուրդը, կը փարատէ մտահոգութիւնները, կը կրէ պատասխանատուութիւն եւ կը կատարէ իր պարտականութիւնները` պաշտպանելու իր ժողովուրդը եւ կանխարգիլելու անոր վրայ յարձակումները:
«Ընդհակառակն` անոնք այս կարգախօսը կը ներկայացնեն իբրեւ պարտաւորութիւն արտաքին կողմերուն` ի շահ թշնամիին ծառայող ոչ ազգային նպատակներու: Այդ մարդոցմէ ոչ մէկը կը փնտռէ պետութեան կառուցումը, մինչդեռ հարաւային Լիբանանի ժողովուրդի պատմական պահանջը գոյութիւնն է պետութեան, որ կարող է զինք պաշտպանել, եւ անոնք ամէնէն սուղ զոհաբերութիւնները կատարեցին իրենց գոյութեան պաշտպանութեան ծիրին մէջ», յայտնեց Ֆատլալլա: