Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման նախագիծի` ԹՐԻՓՓ-ի վերաբերեալ ռազմավարական համագործակցութեան շրջագծային համաձայնագիրի վաւերացման հարցը ընդգրկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան այսօրուան նիստի օրակարգին վրայ:
Կառավարութեան որոշման նախագիծով կը նախատեսուի դիմել Սահմանադրական դատարան` պարզելու համաձայնագիրին մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւններու համապատասխանութիւնը երկրի սահմանադրութեան: Եթէ Սահմանադրական դատարանը պարտաւորութիւնները Սահմանադրութեան համապատասխանող ճանչնայ, ապա կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը սահմանուած կարգով պիտի փոխանցուի Ազգային ժողովին:
Սահմանադրական դատարանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչի լիազօրութիւնները պիտի ստանձնէ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան: