Պասքեթպոլ. Լիբանանի Երիտասարդներու Հաւաքականը` Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեան

Լիբանանի երիտասարդ տղոց (18 տարեկանէն վար) հաւաքականը անցեալ շաբաթավերջին դարձաւ Արեւմտեան Ասիոյ (Ուապա) ախոյեան` իր վերջին մրցումին պարտութեան մատնելէ ետք Իրանը 74-73 արդիւնքով:

Վերջինս 5-րդ մրցումն էր, որուն ընթացքին Լիբանան ձեռք ձգեց իր 5-րդ յաղթանակը` նախապէս յաղթելէ ետք Իրաքի, Յորդանանի, Պաղեստինի եւ Սուրիոյ հաւաքականներուն:

Փաթրիք Սապայի գլխաւորած խումբը այս ձեւով շահեցաւ իր տոմսը Ասիոյ ախոյեանութեան մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Հնդկաստանի մէջ:

Ճոնի Սաումա (23 կէտ), Ռոպերթօ Ռըզք (18 կէտ եւ 14 ռիպաունտ) եւ Օմար Մաշմուշի (11 կէտ) եղան Լիբանանի լաւագոյն մարզիկները, մինչ Իրանի լաւագոյն մարզիկն էր Սուլէյման Նաժատ (26 կէտ), իսկ Քուշաքի Հասանքիատէ 10 կէտ աւելցուց:

 

Leave a Comment