Ըստ «Իսրայէլ Հայոմ»-ի, որ Սէուտական Արաբիան վերջին շաբաթներուն Ուաշինկթընի մէջ պաշտօնատարներու յղած է պատգամներ, թէ պատրաստ է Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման Աբրահամեան համաձայնութեան միանալու քննարկման վերսկսիլ, սակայն ճշդեց նախապայմաններ, որոնք իսրայէլեան ներկայ կառավարութիւնը չի կրնար բաւարարել:
Իսրայէլեան օրաթերթը կը հաղորդէ, որ երեք լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, Ռիատ վերջերս Ուաշինկթընի մէջ իր դիւանագիտական աշխատանքը աշխուժացուցած է:
Աղբիւրներէն մէկը ըսած է, թէ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալմանի ներկայացուցիչներ Սպիտակ տան, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Քոնկրեսի շարք մը անդամներուն յղած են միացեալ նամակ մը, որ կը պարունակէր երկու հիմնական պայմաններ, առաջինը` ընտրութիւններէն ետք վարչապետի պաշտօնին վրայ Պենիամին Նեթանիահուն այլ անձով փոխարինել, իսկ երկրորդը` ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչի բռնագրաւեալ Այսրյորդանանի մէջ գործադրած քայլերը ջնջել:
Ըստ օրաթերթին, ամերիկեան կողմերուն մօտ կը տիրէ այն տպաւորութիւնը, թէ Ռիատ երկու պայմանները իրարու կը կապէ` մեկնելով իր գնահատումէն, թէ Նեթանիահուն, քանի տակաւին իշխանութեան վրայ է, պիտի շարունակէ աջակցիլ Սմոթրիչի անցնող երեք տարիներու ընթացքին Այսրյորդանանի մէջ կիրարկած քաղաքականութեան:
«Իսրայէլ Հայոմ»-ի համաձայն, Սէուտական Արաբիան մէկէ աւելի անգամներ քննած է Իսրայէլի կողմէ Այսրյորդանանի մէջ «մեծ զիջումներու» կատարման դիմաց Իսրայէլը պաշտօնապէս ճանչնալու հարցը:
Ռիատ մասնաւորաբար սպասած է, որ Նեթանիահու յստակ կերպով յայտարարէ ապագային պաղեստինեան պետութիւն ստեղծելու իր սկզբունքային համաձայնութիւնը, սակայն Իսրայէլի վարչապետը մերժած է այդ պահանջը, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ նախաձեռնութիւնը տապալի: