Խորհրդարանի Դիւանի Ժողով. Պու Սաապ. «Մահապատիժի Ջնջման Օրէնքը Չունի Որեւէ Թաքնուած Նպատակ, Որ Համաներման Օրէնքին Վրայ Պիտի Ազդէ»

Խորհրդարանի դիւանը երէկ Այն Թինէի մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ դիւանի անդամներ, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի, Հատի Ապու Հասանի, Ալեն Աունի, Միշէլ Մուսայի, Քարիմ Քապպարայի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահերի եւ նիստերու եւ յանձնախումբերու ընդհանուր տնօրէն Մունա Քամալի:

Պու Սաապ նիստէն ետք յայտնեց, որ Պըրրի ցուցմունք տուած է, որ դիւանէն պատուիրակութիւն մը Պու Սաապի գլխաւորութեամբ այսօր Տոհա ուղղուի` Քաթարի նախկին իշխան շէյխ Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանիի մահուան առիթով ցաւակցութիւն յայտնելու համար:

Ժողովի ընթացքին քննարկուած է եւ վաւերացուած խորհրդարանի չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օր գումարելիք լիագումար նիստի օրակարգը:

Անդրադառնալով համաներման օրէնքին` խորհրդարանի նախագահը ընդգծած է, որ այդ օրէնքին շուրջ պէտք է համաձայնութիւն ըլլայ:

«Լիբանանի մէջ մահապատիժի ջնջման օրէնքը որեւէ թաքնուած նպատակ չունի եւ պիտի չազդէ համաներման օրէնքին վրայ: Այդ օրէնքը տարբեր է, եւ մենք Լիբանանի մէջ օրէնքը յաւիտենական կերպով կը բարեփոխենք, իսկ համաներումը արտակարգ է», շեշտեց Պու Սաապ:

Ան մաղթեց, որ այս հարցով խորհրդարանի նիստի պոյքոթ կամ ցոյց տեղի չունենայ:

Leave a Comment