Ազունիէի Ազգային Բուժարանի Խնամակալութիւնը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Չորեքշաբթի, 8 յուլիս 2026-ին Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ազունիէի Ազգային բուժարանի խնամակալութեան` գլխաւորութեամբ ատենապետ Յակոբ Լատոյեանի:

Խնամակալութիւնը վեհափառ հայրապետին ընդհանուր գիծերով ներկայացուց բուժարանին մէջ կատարուող աշխատանքները` տնտեսական, յարաբերական, բժշկական եւ այլ մարզերու առնչուած: Ան նաեւ զեկուցեց բուժարանին առնչուած ծրագիրներու մասին: Այս ծիրին մէջ կարեւոր անդրադարձ կատարուեցաւ յատուկ ծրագրի մը, որուն մասին մեր ժողովուրդին աւելի լայն տեղեկութիւններ պիտի տրուին յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին:

Կաթողիկոսը խոր գոհունակութեամբ ողջունեց բուժարանէն ներս տարուող աշխատանքները, յատկապէս` անոր ծառայութիւնը աւելի կազմակերպելու ու ծաւալելու յատուկ ծրագիրներու մշակումը: Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց խնամակալութեան կողմէ տարուող աշխատանքին, ինչպէս նաեւ` մեր բոլոր կառոյցներուն, կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք նիւթապէս եւ այլ միջոցներով օգտակար կը հանդիսանան բուժարանին առաւել կազմակերպման ու զարգացման աշխատանքներուն:

 

Leave a Comment