Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանք կը տարուի: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
Նախարարը յայտնած է, որ այդ ուղղութեամբ ստեղծուած են յանձնախումբեր:
«Այս աշխատանքը պարբերաբար կը շարունակուի: Մենք արդէն ականատես եղած ենք կատարուած աշխատանքի առաջին դրական արդիւնքներուն. սահմանազատուած է պետական սահմանի շուրջ 13 քիլոմեթրը», նշած է ան:
Պայրամով նշած է, որ երկու կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած են որոշակի պայմանաւորուածութիւններ:
«Սահմանազատման հոլովոյթը պիտի շարունակուի հիւսիսէն հարաւ: Հոլովոյթը պիտի իրականացուի, էքսքլաւ գիւղերու հարցերը իրենց լուծումը պիտի ստանան», ըսած է Պայրամով:
Ազրպէյճանի պետական լրատու գործակալութիւնը` ԱՓԱ-ն կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը լրագրողներուն յայտնած է. «Խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրը արդէն նախաստորագրուած է եւ բաց է հանրութեան համար: Այս հարցին մէջ Ազրպէյճանի մօտեցումը սկզբունքային է: Նախագահ Ալիեւ արդէն ներկայացուցած է պետութեան պաշտօնական դիրքորոշումը: Մեր ակնկալիքը այն է, որ Հայաստանի Սահմանադրութենէն վերցուին Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները: Խաղաղութեան համաձայնագիրը կրնայ ատկէ ետք ստորագրուիլ»:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ խօսած է ԹՐԻՓՓ նախագիծին մասին` անդրադառնալով Հայաստանի տարածքէն անցնող ճանապարհային եւ երկաթուղային ենթակառոյցներուն` զայն կրկին կոչելով «Զանգեզուրի միջանցք»:
«Այդ նախագիծին կ՛աջակցին նաեւ Միացեալ Նահանգները: Այդ ուղղութեամբ բանակցութիւնները կ՛ընթանան Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ: Միեւնոյն ժամանակ ԹՐԻՓՓ-ի մուտքի եւ ելքի հատուածները կը գտնուին Ազրպէյճանի տարածքին մէջ, այդ պատճառով ամերիկացի գործընկերները մեզի գործընթացի մասին կը տեղեկացնեն: Մեզի տրուած խոստումներու համաձայն, հոլովոյթը յառաջ կը շարժի, այժմ փաստաթուղթերու նախապատրաստման փուլն է», ըսած է Պայրամով: