2026-ի Մոնտիալ. Կոլ-Սքորըրներու Պայքարը Կը Շարունակուի

Մոնտիալի մրցումները հասած են քառորդ աւարտականի, եւ վստահաբար մինչեւ աւարտական հասնող խումբերէն մարզիկներ աւելի յոյս պիտի ունենան Մոնտիալի ոսկի կօշիկը շահելու:

Քառորդ աւարտականի մրցումներէն առաջ, արժանթինցի Լիոնել Մեսսի 8 կոլ նշանակած է, հակառակ 2 փենալթիներ կորսնցնելուն, եւ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը: Անոր կը յաջորդեն Էրլինկ Հաալանտ (Նորվեկիա) եւ ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ, որոնք 7-ական կոլեր ունին: Հնգեակը կ՛ամբողջացնեն անգլիացիներ Հերի Քէյն (6 կոլ) եւ Ճուտ Պելինկհամ (4 կոլ):

Հետաքրքրականը այն է, որ հինգ մարզիկներուն ազգային խումբերն ալ տակաւին կրնան 3 մրցումներ կատարել, եթէ կիսաւարտական հասնին եւ աւելցնել իրենց կոլերու հաշիւը:

 

Leave a Comment