Թրամփ-Էրտողան Հանդիպում

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին մասնակցելու համար կը գտնուի Անգարա, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը «ոչնչացուց Իրանի զինուորական կարողութիւնը, եւ Թեհրան պիտի չկարենայ հիւլէական զէնք ձեռք բերել»:

«Թուրքիոյ «Էֆ-35» հալածիչներ ծախելու որոշումը պիտի տանք, եւ Անգարայի հետ մեր յարաբերութիւնները աւելի լաւ են», նշեց Թրամփ:

Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց. «ՕԹԱՆ-էն մեծապէս յուսախաբ եղայ եւ վեհաժողովին ներկայացայ Թուրքիոյ մէջ գումարուելուն համար` առ ի գնահատանք Էրտողանին»:

«Թուրքիոյ «Էֆ-35» հալածիչներ ձեռք ձգելուն նկատմամբ որեւէ ձեւի մտավախութիւն չունիմ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Թուրքիան իմ շնորհիւ Իրանի մէջ պատերազմին մէջ չներքաշուեցաւ, եւ ան չ՛ուզեր Իրանին հիւլէական զէնք ձեռք ձգելը տեսնել»:

«Ութ պատերազմներ դադրեցուցի, եւ կը կարծեմ իններորդն ալ պիտի դադրեցնեմ: Կը յուսամ շուտով Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին վերջ կու տանք», նշեց Թրամփ:

Leave a Comment